Վերջերս Պրազիլի թիւ 10 շապիկը, զոր 1958-ի աւարտական մրցումին փելէն հագած էր, ծախուեցաւ 4,9 միլիոն ամ. տոլարի:
Փելէ, որ 2022-ին մահացաւ, 17 տարեկան էր, երբ Պրազիլի շապիկով 2 կոլ նշանակեց հիւրընկալ Շուէտի բերդին մէջ, ուր Պրազիլ յաղթած էր 5-2 արդիւնքով` շահելով իր առաջին Մոնտիալը: Փելէ կը մնայ կրտսերագոյն մարզիկը, որ աւարտական մրցումին կոլ նշանակած է Մոնտիալի պատմութիւն կերտելով:
Պրազիլցի աստղին շապիկը եղաւ պատմութեան երկրորդ ամէնէն արժէքաւորը` Տիեկօ Մարատոնայի 1986-ի շապիկէն ետք, զոր վերջինս հագած էր քառորդ աւարտականին Անգլիոյ դէմ հռչակաւոր ձեռքով կոլին օրը: Մարատոնայի շապիկը 2022-ին ծախուած էր 9,3 միլիոն ամ. տոլարի:
Փելէի կողմէ նախապէս ամէնէն արժէքաւոր իրը, որ ծախուած էր, 1958-ի իր անձնական քարտն էր, որ ծախուած էր 976 հազար ամ. տոլարի, ըստ Սոթպի աճուրդի տան:
Էտսոն Արանթես Տօ Նասիմենթօ (Փելէ) իր տարազը նուիրած էր իր խմբակից Տիտայի` 1958-ի Մոնտիալէն ետք:
Շապիկը տասնամեակներ մնացած էր Տիտայի ընտանիքին տունը, ապա դրուած պրազիլական թանգարանի մը մէջ` աւելի ուշ ձեռք բերուելով 2004-ին: