Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Պըն Ապտելազիզ իշխանին միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային մակարդակներու վրայ վերջին զարգացումները:
Իշխանը վերահաստատած է, մասնաւորաբար ներկայ պահուն Լիբանանին եւ նախագահ Աունի երկրի գերիշխանութեան, անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան համար որդեգրած ընտրանքներուն Սէուտական Արաբիոյ աջակցութիւնը:
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը վերահաստատած է, որ թագաւորութիւնը մտադիր է «Լիբանանին կարիք ունեցած բոլոր ոլորտներուն մէջ օգնելու` լիբանանեան կառավարութեան ճշդած առաջնահերթութիւններուն ծիրին մէջ»:
Պըն Սալման իշխանը նախագահ Աունը հրաւիրած է Սէուտական Արաբիա այցելելու` քննարկելու համար երկու երկիրները հետաքրքրող բոլոր նիւթերը:
Հանրապետութեան նախագահը Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին շնորհակալութիւն յայտնած է «Լիբանանի նկատմամբ զօրակցական կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի որդեգրած քայլերուն եւ անոր տնտեսութեան հզօրացման աջակցութեան ջանքերուն:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին շնորհակալութիւն յայտնած է Սէուտական Արաբիա այցելելու հրաւէրին համար եւ խոստացած անոր ընդառաջել: