Կիրակի գիշեր վերջ գտաւ 2026-ի Մոնտիալը, ուր Սպանիա կրցաւ իր պատմութեան 2-րդ տիտղոսը շահիլ 2010-ի յաջողութենէն ետք` պարտութեան մատնելէ ետք Արժանթինը 1-0 արդիւնքով յետ երկարաձգման:
Ճիշդ է, որ 1 կոլ նշանակուեցաւ միայն, բայց Սպանիա գերազանցեց Արժանթինը, որ դաշտ ներկայացած էր միայն պաշտպանելու: Յաճախ առանց գնդակի կամ կարծր միջամտութիւններու արժանթինցիները ամէն ձեւի դիմեցին դանդաղցնելու Սպանիոյ յառաջխաղացքը:
Սպանիոյ ֆութպոլի խումբը 20 անգամ գնդակը հարուածած էր դէպի Արժանթինի բերդը, որմէ ետք միայն Արժանթին կրցաւ գնդակ մը հասցնել Սպանիոյ բերդին:
Սպանիա մրցումի առաջին 10 քոռնըրներէն 9-ն ինք շահեցաւ, եւ միայն Մոնտիալի գծով մրցանիշ մը հաստատած բերդապահ Էմիլանօ Մարթինես կրցաւ յոյս տալ Արժանթինին: Մարթինես 12 անգամ կրցաւ զսպել գնդակը, որ մրցանիշ մըն է աւարտականի մրցումի բերդապահի մը համար:
Սպանիա իր միակ կոլը նշանակեց 10-րդ վայրկեանին, երբ Նիքօ Ուիլիամս գլխու հարուածով դէպի ետ փոխանցեց Պարսելոնայի յառաջապահ Ֆեռան Թորեսին, որ ձախ ոտքի ուժգին հարուածով գրաւեց Արժանթինի բերդը:
96-րդ վայրկեանին Միքել Մերինօ գնդակը ստանալէ ետք փոխանցած էր Նիքօ Ուիլիամսին, որ նշանակած էր կոլ մը, սակայն… ՎԱՐ-ի ցուցմունքներով Մերինօ դարձած պահուն «կակուղ» ֆաուլ մը կատարած էր Նիքոլաս Օթամենտիի վրայ:
114-րդ վայրկեանին Ֆեռան Թորես կոլ մը եւս նշանակեց, բայց անոր մարմնէն շատ փոքր բաժին մը օֆ-սայտի մէջ կը գտնուէր, երբ փոխանցումը ստացաւ… Լիոնել Մեսսի մասնաւոր բան չկրցաւ ներկայացնել այս մրցումին, մանաւանդ որ սպանացիք դաշտին կեդրոնը լաւ ձեւով կազմակերպուած ըլլալով բաւարար գնդակ չհասաւ իրեն:
Այս ձեւով Սպանիա մնաց անյաղթ իր 38-րդ մրցումին` մրցանիշ մը կատարելով եւրոպական ազգային խումբերու գծով: Իտալիա 37 մրցումներ անյաղթ մնացած էր հոկտեմբեր 2018-էն սեպտեմբեր 2021, ուր պարտուած էր նոյնինքն Սպանիայէն:
2026-ի Մոնտիալի 104-րդ եւ վերջին մրցումն էր, որ տեղի ունեցաւ մեծագոյն մրցաշարքին, որուն մասնակցեցան 48 խումբեր` Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ: Բնականաբար շատ աւելի մրցումներով շատ աւելի կոլեր պիտի նշանակուէին Մոնտիալին, որուն ընթացքին 300-է աւելի կոլեր նշանակուեցան:
Սպանիա միայն 1 կոլ ստացաւ նուազագոյն կոլ ստացող ախոյեանի մրցանիշ հաստատելով:
Մեսսի (39 տարեկան) շատ հաւանաբար իր վերջին Մոնտիալի մրցումին մասնակցեցաւ` տարբեր ձեւի մրցանիշ մը իրագործելով 2 աւարտականներու պարտուելով (2014-ին Գերմանիոյ դէմ ալ երկարաձգումով պարտուած էր):
Մեսսի 10 տարի առաջ որոշած էր լքել ազգային խումբը` նոյն այս Նիւ Ճըրզիի «Մեթլայֆ» դաշտին վրայ «Քոփա Ամերիքա»-ի աւարտականին պարտուելէ ետք Չիլիէն, բայց շաբաթներ ետք վերադարձած է:
Մեսսիի համար աւելի լաւ էր վերադառնալը (օրին), մանաւանդ որ 2 «Քոփա Ամերիքա»-ի տիտղոսներ, ինչպէս նաեւ 2022-ի Մոնտիալը շահեցաւ: Ան 19 տարիներու ընթացքին 16 անգամ ընտրուեցաւ Արժանթինի լաւագոյն մարզիկը: Աւարտականի կիսախաղի դադարին յայտնի աստղեր ելոյթներ ունեցան: Մատոնա պրազիլցի Ռոնալտոյի եւ Ռոնալտինիոյի հետ միասին ներկայացան դաշտ, մինչ այլ երգիչներ, ինչպէս Ճասթըն Պիպըր, Շաքիրա, Պի. Թի. Էս, Ռոպի Ուիլիամս, Ճէյսըն Սուտէյքիս, «Մափեթ Շօ»-ի դէմլեր, Ճենիֆըր Հատսըն, Փոթս Մըլոն եւ դերասան Թոմ Քրուզ փակման հանդիսութեան ելոյթ ունեցան եւ խօսք առին:
Մեծ թիւով յայտնի անձնաւորութիւններ ներկայ էին «Մեթլայֆ» մարզադաշտին մէջ, հին ֆութպոլիստներ, աշխարհի լաւագոյն թենիսմեններէն Քարլոս Ալքարա, 80 հազար հանդիսատեսներու կողքին ներկայ էին:
Աշխարհի չորս ծագերէն երկու միլիառ համակիրներ դիտեցին այս փառատօնը, որուն ներկայ էր նաեւ նախագահ Տոնալտ Թրամփ:
Սպանիա յուսախաբ չըրաւ իր համակիրները, մինչ Արժանթին կը փորձէր տիտղոսը պահել առաջին անգամ ըլլալով Պրազիլէն ետք (1958-1962), բայց ձախողեցաւ:

