Եուրկեն Քլոփ Պիտի Մարզէ Գերմանիոյ Ազգային Խումբը

Եուրկեն Քլոփ պիտի ըլլայ Գերմանիոյ ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչը` «Տէ. Էֆ. Պէ.»-ի (Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոն) եւ «Ռետ Պուլ»-ի հետ համաձայնութենէ մը ետք, 59 տարեկան Քլոփ, որ իր սերունդի լաւագոյն մարզիչներէն մէկն է, 2023-2024 տարեշրջանի աւարտէն ետք լքած էր Լիվըրփուլի իր մարզիչի պաշտօնը 9 տարիներէ ետք եւ 2025-ի յունուարէն ի վեր նշանակուած էր «Ռետ Պուլ» ընկերութեան ֆութպոլի խումբերու ընդհանուր պատասխանատուն:

Երկու շաբաթ առաջ համաձայնելէ ետք Գերմանիոյ ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնելու, հանդիպում մը պէտք էր կատարուէր «Ռետ Պուլ»-ի ղեկավարութեան հետ, որ մինչեւ 2030 համաձայնութիւն ունէր Քլոփի հետ: Այդ հանդիպումն ալ յաջողութեամբ ընթացաւ, եւ այժմ մինչեւ ուրբաթ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի Քլոփի նշանակուիլը:

Շատ մասնագէտներ կը կարծեն, որ Քլոփ կարողութիւն ունի ամբողջովին փոխելու ազգային խումբի մթնոլոտը, որ վերջերս այդքան ալ լաւ չէր:

2014-ի Մոնտիալէն ի վեր Գերմանիոյ ազգային խումբը (Մոնտիալը շահելէն ետք) առաջին հանգրուանէն դուրս չէր յաջողած գալ (2018-ին եւ 2022-ին) եւ այս տարի միայն կրցած էր հասնիլ Բ. հանգրուան, ուր դուրս մնացած էր Փարակուէյի դէմ մրցումին փենալթիներով: Ճիշդ է, որ տաղանդաւոր բաւարար ֆութպոլիստներ չկան այլեւս, բայց ազգային խումբէն խաղալու պայքարի այդ բարձր ոգին կը բացակայի վերջերս:

Քլոփ ծանօթ է «Կեկենփրեսինկ» թաքթիքով, ուր խումբ մը անմիջապէս կը փորձէ վերատիրանալ գնդակին` փոխանակ ետեւ վազելու եւ դիրքերը վերադառնալու: Անոր ոճը կը պահանջէ խմբային ամբողջական աշխատանք:

Վստահաբար Քլոփ նախկին մարզիչ Եուլիան Նակելզմանի ընտրած մարզիկներէն մաս մը պիտի չհրաւիրէ ազգային խումբ` տարբեր ոճի որդեգրման պատճառով:

 

Leave a Comment