Մամտանի Կը Սերտէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ընթացքին Նեթանիահուն Ձերբակալելու Կարելիութիւնը

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զահրան Մամտանի յայտարարեց, թէ յառաջիկայ սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ձերբակալելու կարելիութեան շուրջ քննարկումներ կը կատարէ:

Մամտանի «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Կը կարծեմ, թէ Նեթանիահուի տեղը Լա Հէյն է, որովհետեւ պատերազմական ոճրագործ է, որուն միջազգային քրէական դատարանը ամբաստանութիւններ ուղղած է»:

Ան Իսրայէլը «ցեղային մեկուսացման վարչակարգ» որակելով աւելցուց. «Ասիկա շատերուն կարծիքն է, պարզապէս անցնող շարք մը տարինեու ընթացքին անոր արարքներուն հետեւանքին պատճառով»:

Նիւ Եորքի քաղաքապետը խոստովանեցաւ, թէ վստահ չէ, եթէ Նիւ Եորքի ոստիկանութեան օտար պաշտօնատարի մը ձերբակալման հրաման տալու իրաւասութիւն ունի` աւելցնելով, որ այդ հարցը կը քննարկէ քաղաքի իրաւաբանական խումբին հետ:

«Օրէնքը ինծի Նիւ Եորք քաղաքին մէջ ինչ որ կ՛արտօնէ, ատիկա պիտի ընեմ», ըսաւ Մամտանի:

Leave a Comment