Ակնարկ. Կազա, Սուրիա Եւ Լիբանան Եռանկիւնը` Թուրքիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Իսրայէլի պաշտպանութեան գերատեսչութեան ղեկավարին յայտարարութիւնը,  Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած  հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին, քանի մը բաժին ունի: Իրեն ներկայացուցած է Իրանի մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութիւնները: Ան, իր կարգին, զեկուցած է Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի մէջ «ահաբեկչական» կողմերու դէմ Իսրայէլի գործողութիւններուն մասին եւ ընդգծած,  որ Իսրայէլ վճռակամ է մնալ Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի ապահովական շրջաններուն մէջ:

Այս ամփոփ հրապարակումը քանի մը ուղերձ կը փոխանցէ բազմակողմանի ձեւով: Նախ փորձ կը կատարուի Թել Աւիւի կողմէ ջրել այն բոլոր նիւթերը, որոնք կը խօսին Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ ներկայ պահու հակասութիւններուն մասին: Ըսել կ՛ուզուի, որ տարածաշրջանային պատերազմի գործողութիւնները կը համակարգուին Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ:

Հիմնականը սակայն իսրայէլեան հրապարակումին երկրորդ բաժինն է: Իր կարգին, իսրայէլացի նախարարը զեկուցելէ ետք Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ներկայութեան եւ գործողութիւններուն մասին, ընդգծած է, որ երեք տարածքներէն հեռանալու մտադրութիւն չունի իր երկիրը:

Բնականաբար բաժին չկայ ամերիկեան պատասխանին մասին: Սակայն կայ Ամերիկայի նախագահին նախորդ յայտարարութիւնը, թէ լաւ կ՛ըլլայ, որ Իսրայէլ հեռանայ Սուրիայէն եւ Լիբանանէն: Եւ այստեղ խնդիրը կը թուի, որ քաղաքական սուր հնչեղութիւն ունի:

Գինիին մէջ ջուր խառնելով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր նախկին դիրքորոշումը վերաձեւակերպած է: «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ պիտի ստանձնէ Հըզպալլայի հետ գործ ունենալը, այդ մէկը Իսրայէլէն տարբեր ձեւով պիտի կատարէ, եւ շէնքեր պիտի չքանդէ: Եւ լաւ կ՛ըլլայ, որ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ վերատեղակայում կատարէ` կեդրոնանալու համար մեծ հարցին վրայ, որ Իրանն է»:

Բազմիմաստ ուղերձներ կան այս յայտարարութեան մէջ: «Լաւ կ՛ըլլայ, որ հեռանայ» եզրը, Լիբանանի պարագային վերածուած է «լաւ կ՛ըլլայ, որ վերատեղակայում կատարէ»-ի: Այս բաժինը համահունչ է ուաշինկթընեան յայտարարութեան, ուր տարտամ եւ անորոշ ըսելաձեւերով բանաձեւուած են իսրայէլեան ուժերու հեռացումը լիբանանեան գերիշխան տարածքներէն:

Ուաշինկթընի շրջագծայինին հովանաւորն ու երաշխաւորը Միացեալ Նահանգներն են, որոնք կը խօսին վերատեղակայման մասին: Հեռացում պահանջողը առանձինը Պէյրութն է այս պարագային: Ցանկալին եւ ստորագրուածը իրար չեն համապատասխաներ: Մանաւանդ, որ երաշխաւորը  կը խօսի վերատեղակայումներու եւ ոչ թէ անմիջական հեռացումի մասին:

Աւելի յստակը Դիմադրութեան խնդիրի լուծումը Սուրիոյ յանձնելուն կը վերաբերի: Թրամփ այլեւս առաջարկով չի խօսիր, այլ հաստատ ոճով: «Սուրիոյ նախագահը պիտի՛ ստանձնէ Հըզպալլայի հետ առնչուիլը», թէկուզ ոչ ռազմական կամ ոչ իսրայէլեան մեթոտով:

Այս պայմանաւորուածութիւնը, եթէ գոյացած է, կը թուի, որ անիկա եղած է Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա գիծին վրայ: Իսրայէլեան յայտարարութեան մէջ կայ փաթեթային մօտեցում անվտանգային նոյն հարթութեան յղացքը փոխանցելով` Կազա, Սուրիա, Լիբանան: Այս եռանկիւնը կը ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու ռազմական ղեկավարութեան հետ հեռաձայնային խօսակցութեան պարունակին մէջ, ըստ էութեան սակայն պատասխան է Թուրքիոյ նախագահին, որ շաբաթներ առաջ կը յայտարարէր, որ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը կ՛անցնի Կազայէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն:

Այս եռանկիւնը թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Իսրայէլը իրենց անվտանգային տիրոյթները կը նկատեն եւ այդ տեսանկիւնէն կ՛արձանագրեն շահերու բախումներ: Մրցավար Ուաշինկթընը թէ՛ զիրար կը հակադրէ երկուքը, եւ թէ՛ կը փոխհակակշռէ զանոնք: Այս պարագային` անգամ մը հեռացումի, անգամ մըն ալ վերատեղակայումի մասին խօսելով:

«Ա.»

Leave a Comment