Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը կը շարունակեն փոխադարձ յարձակումները:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կեդրոնի հրամանատարութիւնը Իրանի դէմ հարուածներու երեկոյեան ալիքը աւարտած է 15 յուլիսին` Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափի ժամանակացոյցով ժամը 21:00-ին: Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը հարուածած են իրանեան հրամանատարական կեդրոններ, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու, հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու տեղակայման վայրեր, ինչպէս նաեւ առափնեայ դիտակէտեր»:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը նշած է, որ ամերիկացի զինուորները օգտագործած են բարձր ճշգրտութեան զինամթերք, հարուածներ հասցուած են, այլ վայրերու շարքին, նաեւ Պանտար Ապպաս քաղաքին:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին հարուածներ հասցուցած է Քուէյթի մէջ Միացեալ Նահանգներու «Ալի Սալեմ» ռազմակայանին մէջ ամերիկացի զինուորներու տեղակայման վայրին:
«Քուէյթի «Ալի Սալեմ» օդուժի ռազմակայանին մէջ «Սի-ՌԱՄ» վաղ նախազգուշացման ռատարի համակարգը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան զօրքերու տեղակայման շրջանը դարձած են համակցուած հարուածի թիրախներ «Նասր-2» գործողութեան ութերորդ ալիքի ընթացքին», ըստ «Փրես Թի.Վի.»-ի, իր յայտարարութեան մէջ ըսած է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը:
Պահակագունդը նաեւ հարուածներ հասցուցած է Յորդանանի մէջ ամերիկեան «Ազրաք» օդուժի ռազմակայանին: Խոցուած են ամերիկեան զինեալ ուժերու կապի համակարգերն ու վառելանիւթի պահեստները:
Իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնի բանբեր Իպրահիմ Զուլֆիքարի նշեց. «Որեւէ պահու կամ ձեւով Միացեալ Նահանգներուն` իբրեւ շրջանէն դուրս եղող երկիր, պիտի չարտօնուի Հորմուզի նեղուցին մէջ միջամտել»` աւելցնելով, որ ատիկա «իրանի անբեկանելի կարմիր գիծ է»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իր երկրի բանակին կողմէ Իրանի ենթակառոյցները թիրախաւորելու դատարկ վերջին սպառնալիքի գործադրութեան պարագային, Իրանի ազնուութեան պատճառով մինչեւ հիմա անվնաս մնացած ամէն բան, այսինքն` շրջանին մէջ բոլոր ենթակառոյցները կը ճզմուին Իրանի իսլամական հանրապետութեան կարող զինեալ ուժերու պողպատեայ հարուածներուն տակ, այնպիսի ձեւով մը, որ անոնց հետքը պիտի չմնայ, կարծէք սկիզբէն գոյութիւն չունեցած ըլլային», ըսաւ ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի կտրուկ կերպով մերժեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին պնդումները, թէ Իրան Միացեալ Նահանգներուն հետ կապ հաստատած է եւ կ՛ուզէ համաձայնութիւն կնքել:
«Իրան ներկայիս բանակցելու որեւէ ծրագիր չունի, պաշտպանութեան վրայ կը կեդրոնանայ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ կապ չհաստատեց», նշեց Պաղայի:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու հետ կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրին յանձնառու պիտի մնայ, «քանի տակաւին միւս կողմը իր խոստումները կը յարգէ»:
«Դիտաւորեալ կերպով «հարաւային Իրան»-ի մասին խօսողները կը ջանան ամրագրել պատկեր մը հողի մը, որ միայն իր աշխարհագրական ուղղուածութեամբ ծանօթ չէ», աւելցուց ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ փոխըմբռնման յուշագիրը խորքին մէջ փոխադարձ յանձնառութիւններ եւ պարտաւորութիւններ կ՛ենթադրէ, եւ իրանեան զինեալ ուժերը ապացուցեցին, որ իրանեան հողերուն վրայ որեւէ յարձակում հակադարձութեան պիտի արժանանայ:
«Փոխըմբռնման յուշագիրը մեզի համար արժէք ունի, քանի տակաւին մեր շահերն ու ազգային անվտանգութիւնը կ՛երաշխաւորէ», նշեց Պաղայի:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վելայեթի յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցը «Իրանի սեփականութիւնն է, եւ աշխարհի վրայ չկայ ուժ մը, որ կրնայ անոր վրայ իր գերիշխանութիւնը խլել»:
«Հորմուզը գերագոյն հոգեւոր պետին որոշումով Իրանի գերիշխանութեան ենթակայ դարձաւ», շեշտեց ան` ատիկա նկատելով «քառասնօրեայ պատերազմէն ետք իրագործուած ձեռքբերում մը»:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն եւ Իրանին կոչ ուղղեց` բռնարարքին վերջ տալու եւ շարունակելու անցեալ ամիս Իսլամապատի միջնորդութեամբ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ նշուած բանակցութիւնները:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահեր Անտրապի յայտնեց. «Հակառակ այն իրողութեան, որ փոխըմբռնման յուշագիրի գործադրութիւնը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, Փաքիստան պիտի շարունակէ բոլոր կողմերը քաջալերել` վերջ տալու բռնութեան եւ յուշագիրի կէտերուն համապատասխան թեքնիք քննարկումները շարունակելու»:
Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Իրան Եմէնի Անսարուլլա շարժումին կոչ ուղղած է Կարմիր ծովուն մէջ Պապ Մանտեպ նեղուցը փակելու, եթէ Միացեալ Նահանգներ Իրանի մէջ ուժանիւթի ենթակառոյցներուն վրայ յարձակում գործեն: