Եւրոպական Խորհրդարանը Կը Վերահաստատէ Հայ Գերիներու Հարցին Մէջ Իր Յստակ Դիրքորոշումը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին աջակցութեամբ եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Քոսթաս Մաւրիտեսի եւ Միրիամ Լեքսմանի հիւրընկալութեամբ 14 յուլիսին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ քաղաքական բանտարկեալները Ազրպէյճանի մէջ եւ Եւրոպական Միութեան ներգրաւուածութեան հրամայականը» խորագիրով քննարկում, որուն կը մասնակցէին Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, իրաւաբաններ, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ եւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդառուածներու ընտանիքներու անդամներ:

Քննարկումը կեդրոնացած էր Ազրպէյճանի մէջ շարունակուող հայ պատերազմական գերիներու եւ քաղաքական պատանդառուածներու պահման, ինչպէս նաեւ անոնց ազատ արձակման ապահովման գործին մէջ Եւրոպական Միութեան հաւանական դերակատարութեան վրայ:

Բանախօսները քննարկեցին խնդիրի մարդասիրական, իրաւական եւ քաղաքական երեւոյթները` պնդելով, որ հայ գերիներու շարունակուող անօրինական կալանաւորումը կը խաթարէ թէ՛ միջազգային օրէնքը, թէ՛ ալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հեռանկարները:

Քննարկումը սկսաւ Քոսթաս Մաւրիտեսը` վերահաստատելով Եւրոպական խորհրդարանի յստակ դիրքորոշումը, որով կը պահանջուի անյապաղ ազատ արձակել հայ գերիները: Ան նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովը յիշեցուց վերջինիս լիազօրութեան մասին` հանդէս գալու նման պահանջներով, ինչպէս ամրագրուած է Եւրոպական խորհրդարանի շարք մը բանաձեւերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան ուժանիւթային համաձայնագիրը միջազգային օրէնքի եւ մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան կիսուեցաւ այն հիասթափութիւնը, որ ներկաներէն շատերը կ՛արտայայտէին, թէ գործադիր իշխանութեան աշխարհաքաղաքական նկատառումները ստուերած են թէ՛ Եւրոպական խորհրդարանի կամքը, թէ՛ արժէքները, որոնց վրայ հիմնուած է Եւրոպական Միութիւնը:

Միրիամ Լեքսման իր կարգին աւելցուց, որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու շարունակական խորացումը Եւրոպական յանձնաժողովին կարելիութիւն կու տայ այս հարցին մէջ յառաջատար դեր ստանձնելու: Ան շեշտեց, որ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը պէտք է արժանանայ առաւելագոյն առաջնահերթութեան եւ պէտք չէ դրուի վտանգի տակ:

Ներկայացնելով կալանաւորուածներու ընտանիքները` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի որդին` Արմէն Իշխանեանը խօսեցաւ իր հօր բանտարկութեան ազդեցութեան մասին: Ան պատմեց, որ իր հայրը 2023 թուականին, Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան ընթացքին, մնացած էր Արցախ` աջակցելու խաղաղ բնակիչներու անվտանգ տարհանման, որմէ ետք ձերբակալուած էր ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ: Այդ ժամանակներէն ի վեր ան քաղաքական դրդապատճառներով դատավարութենէն ետք դատապարտուած է ցկեանս բանտարկութեան:

Անդրադառնալով աւելի քան 1000 օր տեւող բաժանուածութեան` Արմէն Իշխանեան նկարագրեց հոգեբանական այն ծանր ազդեցութիւնը, որ բանտարկութիւնը ձգած է իր ընտանիքին վրայ: Յիշելով դստեր հետ ունեցած զրոյցը` ան ըսաւ. «Երբ անոր հարցուցի, թէ ծննդեան նուէր ինչ կ՛ուզէ, ան պարզապէս պատասխանեց. «Ես կ՛ուզեմ, որ պապիկս տուն գայ»:

Խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կալանաւորուածներու շարունակուող ազատազրկման իրաւական հետեւանքները: Փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ կը ներկայացնէ բազմաթիւ հայ գերիներուն շահեր, ընդգծեց, որ այդ գործերուն նշանակութիւնը շատ աւելին է, քան առանձին անձերու ճակատագիրները:

Ան մասնաւորաբար նշեց. «Հայ գերիներու անօրինական կալանաւորումն ու դատապարտումները պարզապէս մարդու իրաւունքներու խնդիր չեն, այլ որոշիչ փորձութիւն` Եւրոպայի կարողութեան համար պաշտպանելու իրաւունքի գերակայութիւնն ու միջազգային իրաւակարգը: Թէեւ Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է կարեւոր բանաձեւեր, սակայն այժմ անոնք պէտք է ուղեկցուին արդիւնաւէտ քաղաքական գործողութիւններով: Հակառակ պարագային վաղը անպատժելիութիւնը կը դառնայ արժեչափ»:

Մարդու իրաւունքներու միջազգային գործընկերութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւային Կովկասի ծրագիրներու տնօրէն Սիմոն Փափուաշվիլի իր կարգին նշեց, որ կալանաւորուածներու ազատ արձակումը պէտք է դիտարկուի իբրեւ որեւէ արժանահաւատ խաղաղութեան հոլովոյթի նախապայման: Ըստ անոր, «Խաղաղութիւնը չի կրնար արժանահաւատ ըլլալ, քանի տակաւին հայ գերիները կը մնան Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած: Անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը երկրորդական հարց չէ, այլ մարդասիրական հիմնարար պարտաւորութիւն եւ որեւէ իրական խաղաղութեան հոլովոյթի անհրաժեշտ հիմք: Արդարութիւնը, վստահութիւնն ու հաշտեցումը պէտք է սկսին իւրաքանչիւր գերիի անվտանգ եւ առանց յապաղումի տուն վերադարձով»:

«Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» կազմակերպութեան հանրային շահերու պաշտպանութեան տնօրէն Ժոել Վելտքեմփ նշեց, որ այս հարցը նաեւ աւելի լայն ռազմավարական նշանակութիւն ունի Եւրոպայի համար: Ըստ Վելտքեմփի, «Ուժեղ Հայաստանը կրնայ օգտակար դաշնակից ըլլալ Եւրոպական Միութեան համար` այն ժամանակաշրջանին մէջ, երբ կ՛աճի Թուրքիոյ ազդեցութիւնը, իսկ միջազգային արժեչափերը կը թուլանան: Հայաստանը հզօրացնելու նպատակով եւրոպացի քաղաքական որոշում կայացնողները պէտք է փնտռեն ուղիներ` Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթը դարձնելու աւելի հաւասարակշռուած:

«Պաքուի մէջ պահուող քսան հայ պատանդներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ միջամտութեան հիանալի մեկարկ պիտի ըլլար»:

Խորհրդաժողովի ամբողջ ընթացքին բանախօսները Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեցին` դուրս գալու մտահոգութիւն արտայայտող յայտարարութիւններու շրջանակէն եւ կիրարկելու իր տրամադրութեան տակ գտնուող դիւանագիտական ու քաղաքական գործիքները` ճնշում գործադրելու կալանաւորուածներու անյապաղ ազատ արձակման համար: Անոնք ընդգծեցին, որ հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ պատերազմական գերիներու շարունակուող ազատազրկումը կը շարունակէ մնալ վստահութեան ձեւաւորման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը:

Խորհրդաժողովը աւարտեցաւ միասնական կոչով` ուղղուած Եւրոպական միութեան հաստատութիւններուն` աշխուժացնելու Ազրպէյճանի հետ իրենց ներգրաւուածութիւնը եւ բոլոր հայ գերիներու ազատ արձակումը դարձնելու անյապաղ առաջնահերթութիւն:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

15 յուլիս 2026

Leave a Comment