Խորհրդարանի Երկօրեայ Օրէնսդրական Նիստը Ընթացք Առաւ

Երէկ օրինաթիւի ապահովումէն ետք ընթացք առաւ խորհրդարանի երկօրեայ օրէնսդրական նիստը:

Խորհրդարանը որդեգրեց հրատապ օրինագիծ մը, որուն նպատակն էր սահմանել բացառիկ դրոյթներ 2026 թուականի պաքալորէայի չորս ճիւղերուն, տարուան թեքնիք վկայականներուն եւ պրէօվէի վկայականներուն, եւ ազատ դիմումներու տէրերը զերծ կացուցել վկայագիրներ ստանալէ:

Խորհրդարանը վաւերացուց մաքսատունէն նախապէս իրենց պաշտօններէն ազատ կացուցուած սպաներու եւ ենթասպաներու պաշտօններու վերականգնման օրինագիծը:

Խորհրդարանը նաեւ հաւանութիւն տուաւ «Սպառողներու պաշտպանութեան մասին» 5 փետրուար 2005 թուականի թիւ 659 օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելուն ուղղուած օրինագիծին եւ անոր բարեփոխումներուն:

Խորհրդարանը հաստատեց տեղեկատուութեան նախարարութեան հետ պայմանագիրներ ստորագրածները կենսաթոշակային օրէնքին դարձեալ ենթակայ դարձնելու բարեփոխուած օրինագիծը, քուէարկութեան մեքանիզմի շուրջ ծագած վէճի իբրեւ արդիւնք 61 թեր եւ 30 դէմ ոչ գաղտնի քուէարկութեամբ:

Leave a Comment