Ըստ «Ախպար-ի. Էրտողան Թրամփին Ներկայացուցած Է Տնտեսական Ու Շրջանային Լայնածաւալ Ծրագիր Մը, Որ Լիբանանն Ալ Կը Ներառէ

«Ախպար» օրաթերթի տեղեկութեամբ, վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին ձեւաւորուած է թրքական-քաթարական գաղափար մը, որ վերածուած է նախաձեռնութեան մը, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ներկայացուցած է, վերջերս Անգարա անոր այցելութեան ընթացքին:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ Էրտողան, որ տեղեակ է Իրանի դէմ պատերազմի եւ շրջանային առկախ թղթածրարներու վերաբերեալ Իսրայէլի կողմէ ամերիկեան վարչակազմին վրայ գործադրուող ճնշումներու չափին, Միացեալ Նահանգներուն առաջարկած է հովանաւորել ընդարձակ տնտեսական եւ շրջանային նախագիծ մը, որ կը ներառէ շրջանի շարք մը երկիրներ` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Իրաքին, Սուրիոյ եւ Լիբանանին:

Ըստ տեղեկութիւններուն, Էրտողան այս նախագիծին ուրուագիծը նախապէս քննարկած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաքի հետ, որ սերտ կապեր ունի Թրամփի հետ: Նախագիծը հիմնուած է «շրջանին մէջ քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան տարրերու ապահովման վրայ, այդպիսով տնտեսական մեծ նախագիծերու սկզբնաւորման կարելիութիւն տալով»:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Էրտողան «Թրամփի հետ շատ անկեղծ էր, թէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի շարունակուող իսրայէլեան բռնագրաւումը շրջանի երկիրներուն վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներուն եւ այլ պետութիւններու ուղղուած սպառնալիքներու կողքին կայունութեան բացակայութեան գլխաւոր պատճառն է եւ կ՛ականահարէ որեւէ քաղաքական հոլովոյթ, որուն նպատակը Իրանի դաշնակից ուժերու զսպումն է»:

Թրքական կողմը Թրամփին բացատրած է լիբանանեան եւ սուրիական բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան արագ հեռացման կարեւորութիւնը` ճամբայ հարթելու համար Իսրայէլի թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Սուրիոյ հետ հետագայ ապահովական դասաւորումներու:

Ըստ աղբիւրներուն, Թրամփ թերեւս համոզուած է այս գաղափարով, սակայն նշած է, որ իսրայէլեան ղեկավարութիւնը համոզելու մեծ դժուարութիւն կը դիմագրաւէ` ակնարկելով, որ զայն գործադրելու առիթը կրնայ իսրայէլեան յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք աւելի մեծ դառնալ: Էրտողան, սակայն, շեշտած է, որ անհրաժեշտ է այս հոլովոյթը ամբողջացնել այս տարուան աւարտէն առաջ, եւ զայն չկապել Իսրայէլի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն` մեկնելով իր այն համոզումէն, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը կը ջանայ պատերազմի շրջագիծը ընդլայնել եւ ոչ թէ զայն վերահսկողութեան տակ առնել կամ աւարտել:

«Ախպար» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահի Անգարա այցելութենէն ետք ան հեռաձայնած է Իսրայէլի վարչապետին եւ ըսած, թէ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ փոխըմբռնման գոյացման ձախողութեան հիմնական պատճառը Թել Աւիւի սուրիական վարչակարգի տապալումէն ետք գրաւուած հողերէն հեռանալ մերժելն է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ իր հետ հանդիպումի ժամանակ բռնագրաւեալ Կոլանի թղթածրարը չէ արծարծած:

 

Leave a Comment