Շարհ Ընդունեց Նախարար Պսաթն Ու Անոր Ընկերակցող Պատուիրակութիւնը

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Դամասկոսի մէջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Սուրիոյ տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Նիտալ Շաարի:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ տնտեսական ու առեւտրական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ համակարգումի հասարակաց մեքանիզմի արդիականացումը, ինչ որ երկու երկիրներու եւ եղբայրական ժողովուրդներու շահերուն կը ծառայէ:

Պսաթ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին Դամասկոսէն ըսաւ. «Առանց լիբանանեան պետութեան բոլոր ոլորտներուն վրայ իշխանութեան տարածման եւ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումները իր մենաշնորհը դարձնելուն, Լիբանանի մէջ բարգաւաճում պիտի չըլլայ»:

 

Leave a Comment