Ակնարկ. Մագլցում Եւ Գոյավիճակ (Սթաթիւս Քօ)

Ամերիկեան անպաշտօն  խօսափող նկատուող լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը անվտանգային համապատասխան կառոյցի պատասխանատուներուն հետ  կայացած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկած է Իրանի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութեան նախապատրաստումը, որ, զգալիօրէն պիտի գերազանցէ նախորդ  հարուածներու տարողութիւնը: Ըստ հաղորդուող տեղեկութիւններու, Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը պատրաստ է մագլցումի` Իրանին այնպիսի ծանր վնաս հասցնելու նպատակով, որ կը ստիպէ երկրի ղեկավարութիւնը ապաշրջափակել Հորմուզի նեղուցը եւ ընդունիլ Ուաշինկթընի պահանջները հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ:

Նման նիւթերու հրապարակումը ընդհանրապէս համաձայնեցուած կ՛ըլլայ պաշտօնական գերատեսչութիւններու հետ: Տեղեկատուական ճնշամիջոց` բանակցային դիրքեր ամրացնելու: Պէտք է արձանագրել միաժամանակ, որ արդէն իսկ փոխըմբռնման յուշագիրը 0 կէտի վերադարձնելու ամերիկեան նախաձեռնութիւնը, Հորմուզի եւ իրանեան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կեդրոններու դէմ յարձակումները մագլցումի նոր փուլ թեւակոխած են արդէն:

Ուշագրաւ է, որ այստեղ խնդիրը կը կեդրոնացուի Հորմուզի եւ հիւլէականի թղթածրարին վրայ: Անմիջապէս յիշենք, որ Իրանի հոգեւոր առաջնորդի խորհրդականը օրեր առաջ յայտարարեց, որ Իրանի համար Հորմուզը շատ աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քան հիւլէականը, որուն առումով Իրան բազմիցս յայտնած է, որ նպատակ չունի անոր զինականացումին:

Հետեւաբար ամբողջ խնդիրը Հորմուզն է, որուն շուրջ յայտնաբար յուշագիրը չունէր յստակ պայմանաւորուածութիւն: Ուաշինկթըն կը շեշտէր, որ Իրան տուրքեր պէտք չէ գանձէ ջրանցքը օգտագործող նաւերէն, ապա Թրամփ կը յայտարարէր, որ նպատակ ունի հորմուզեան նաւարկումներու անվտանգութիւնը պահպանելու համար տուրքային դրոյթ հաստատելու: Աւելի ուշ, կը վերադառնար իր միտքէն, անորոշ ձգելով այդ խնդիրին հագուցալուծումը:

Այս անորոշութիւնը ճշդելու համար են ուրեմն այս նոր մագլցողականութեան մասին կատարուող հրապարակումները: Նպատակին մասին արդէն յայտարարուած է, թէկուզ յետքայլ կատարուած այդ առումով: Հորմուզը նաեւ դէպի Չինաստան մատակարարուող ուժանիւթի ճանապարհ է, որուն վրայ ամերիկեան վերահսկողութիւնը այլեւս անզիջելի առաջադրանք է: Գանձուելիք տուրքերն ալ պատերազմին ներդրուած գումարներու գերշահութային վերականգնման  վաճառականական մղումները կը պարփակէ իր մէջ:

Կը թուի սակայն, որ յուշագիրը, որ միայն այս հիմնահարցով խախտած է, կը շարունակէ, թէեւ տատանումներով, այդուհանդերձ պահել լիբանանեան ճակատի ուղղութեամբ ամրագրուած առաջին կէտը: Միայն Լիբանանի ուղղութեամբ, որովհետեւ արտաքին այլ ճակատներ տարածաշրջանին մէջ նոյնը չեն: Լիբանանի մէջ նկատառելի խախտումներով հանդերձ Իսրայէլին կը պարտադրուի չվերադառնալ ռազմական գործողութիւններու նախկին տարողութեան: Զուգահեռ` Ուաշինկթընէն Հռոմ կը շարունակուին բանակցութիւնները:

Իսրայէլ-Լիբանան բանակցութիւններուն արդիւնքներէն աւելի բանակցային գործընթացը բաց պահելու միտում առկայ է այսօր: Փորձարկումներու կեդրոններուն, ժամկէտերուն, տեղակայումներուն եւ նահանջներուն մասին քննարկումներ տեղի կ՛ունենան առանց որոշումներու յանգումին:

Տեսականօրէն Իսրայէլ պիտի օգտուէր Ուաշինկթընի ճշդած նոր մագլցողականութենէն եւ իր հարուածները սաստկացնէր Լիբանանի ուղղութեամբ: Ռազմական առումով գետինը այդպէս չէ: Քաղաքական առումով սակայն Ուաշինկթընի թէ Հռոմի մէջ Իսրայէլ կը ձգտի փորձառականի ժամանակաշրջանին համար ճշդել առաւելագոյն ժամկէտներ, երկարաձգելով իր բռնագրաւումը լիբանանեան տարածքներուն:

Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնը կարգախօսային կրնայ ըլլալ, եթէ փորձառականը դառնայ երկարատեւ կամ գոյավիճակային (սթաթիւս քօ) Իսկ անվտանգութեան գօտին  Իսրայէլի վաղեմի նպատակն է, որ իրողապէս ձեւաւորուած է այսօր Լիբանանի հարաւային հատուածին մէջ: Փորձառականը, երկարաժամկէտը, տեղակայումներու խուսանաւումները Իսրայէլի այդ ծրագիրէն բխող գետին միացող առուակներն են:

 

«Ա.»

Leave a Comment