Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանիներու Արագ Ճատրակի Ախոյեանութեան Հայաստանի Փայլուն Արդիւնքները

2026-ի Եւրոպայի պատանիներու արագ ճատրակի ախոյեանութեան, Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ներկայացուցիչները փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգեցին:

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին հաղորդումով, Մանուէլ Վարդանեան դարձաւ ճատրակի Եւրոպայի մինչեւ 10 տարեկան պատանիներու կայծակնային ախոյեանութեան փոխախոյեան:

Սոֆիա Բաղրամեան դարձաւ մինչեւ 10 տարեկաններու աղջկանց կայծակնային ճատրակի պրոնզէ մետալակիր: Ան 18 կարելի կէտերէն 13 կէտ ձեռք ձգած է:

Մանուէլ Վարդանեան 18 կարելի կէտերէն 14 կէտ ձեռք ձգած է: Սոֆիա Բաղրամեան դարձաւ նաեւ արագ ճատրակի արծաթէ մետալակիր:

 

Leave a Comment