Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի «Ռաֆ»-ի մրցաշարքին գծով Արման Ծառուկեանի մրցումը:
Ծառուկեան տպաւորիչ եւ ջախջախիչ յաղթանակ տարաւ Ղազախստանը ներկայացնող Քուաթ Խամիթովի դէմ:
Գօտեմարտը աւարտեցաւ երրորդ ռաունտին, երբ Ծառուկեան կրցաւ յաղթել իր մրցակիցին: Ծառուկեան մրցումի ընթացքին տիրապետեց մրցակիցին վրայ` առիթ չտալով անոր, որ որեւէ կէտ շահի: Իրաւարարները 11-0 արդիւնքով յաղթանակ տուին ի նպաստ Ծառուկեանի:
Ասիկա Ծառուկեանի յաջորդական 7-րդ յաղթանակն էր «Ռաֆ»-ի մրցաշարքին` 7 մրցումներու ընթացքին:
Ծառուկեան Վրաստանի մէջ շատ արագ յայտարարութիւն մը կատարեց` ըսելով. «Վրաստա՛ն, շատ շնորհակալ եմ հիւրընկալութեան համար: Նոյնիսկ եթէ դուք ինծի չէիք քաջալերեր, նոյնն է ինծի համար, որովհետեւ դուք ինծի յաւելեալ ուժ տուիք յաղթելու համար: Ինծի բերէք ոեւէ մրցակից Վրաստանէն, եւ ես անգամ մը եւս կը վերադառնամ այստեղ»:
Աւելցնենք, որ խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.»-ի գծով 29 տարեկան Ծառուկեանի արհեստավարժ մրցանիշը 23-3 է, մինչ մրցակից Խամիտովի ցուցանիշը 28-8 է:
Ծառուկեան երկար հանգստանալու նպատակ չունի: Արդէն 18 յուլիսին ան կը վերադառնայ ռինկ` մրցելու «Եու. Էֆ. Սի.»-ի ախոյեանի տիտղոսի նախկին թեկնածու Քոլպի Քովինկթընի հետ:
Նշենք, որ Ծառուկեան ամիսներէ ի վեր կ՛ուզէ մրցիլ Թոփուրիայի դէմ (Վրաստան), որ կարճ ժամանակով «Եու. Էֆ. Սի.»-ի ախոյեանն էր թեթեւ կշիռի մրցումներուն:
Միւս կողմէ, «Եու. Էֆ. Սի. 329» մրցաշարքին գծով սպասուած ելոյթի մը ընթացքին, Քոնոր Մաքկրեկոր հինգ տարուան դադարէ ետք փորձեց վերադառնալ եւ պարտութիւն կրեց 69 երկվայրկեան ետք:
Մաքս Հուլոուէյ առաջին ռաունտէն իսկ կրցաւ օգտուիլ Մաքկրեկորի աջ ծունկի վիրաւոր վիճակէն:
37 տարեկան Մաքկրեկոր շատ արագ նետուեցաւ դէպի առաջ ու փորձեց ցատկելով շրջադարձ հարուած տալ, սակայն սխալ վայրէջք կատարեց աջ ծունկին վրայ իյնալով եւ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ: Հոլոուէյ անմիջապէս օգտուեցաւ վիճակէն եւ հարուածներ հասցուց արդէն իսկ վիրաւոր Մաքկրեկորին, մինչ իրաւարարը աւարտեց մրցումը: