Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ Էդուարդ Սպերցեան իր առաջին ելոյթին կրցաւ կոլ նշանակել Սէուտական Արաբիոյ Ահլիին հետ:
Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցող ուսումնամարզական հաւաքի ընթացքին, Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Ահլին 8-0 ջախջախիչ արդիւնքով յաղթեց Աւստրիոյ Փինցկաու Զաալֆելտէ ակումբին:
Սպերցեան մաս կազմեց հիմնական կազմին եւ նշանակեց Ահլիի առաջին կոլը: Ան կիսախաղին փոխարինուեցաւ գրեթէ միւս մարզիկներուն նման` նկատի ունենալով, որ փորձ մրցում էր կատարուածը:
15 յուլիսին Ահլի իր երկրորդ բարեկամական մրցումը պիտի կատարէ գերմանական Հոլշթայն Քիլի հետ, որ իր կարգին ուսումնամարզական հաւաք կ՛ունենայ Աւստրիոյ մէջ: