Քաթարի իշխանական արքունիքը երէկ յայտարարեց, թէ Քաթարի նախկին իշխան շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանի մահացած է: Ան 74 տարեկան էր:
Արքունիքը նշեց, որ շէյխ Համատ մահացած է կիրակի, 12 յուլիս 2026-ի առաւօտեան:
Շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանի ծնած է 1952 թուականին եւ երկրի իշխանութիւնը ստանձնած 1995 թուականին:
Ան կը նկատուի արդի Քաթարի ճարտարապետներէն մէկը: Ան երկիրը առաջնորդած է ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ տնտեսական արագ աճ արձանագրուած է:
Շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանի 25 յունիս 2013 թուականին իշխանութեան իր զաւկին` ներկայ իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիին փոխանցումը յայտարարեց:
Քաթարի մէջ երկրի նախկին իշխան շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի մահուան առիթով կիրակի օրուընէ սկսեալ քառօրեայ սուգ յայտարարուեցաւ: