Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին յայտարարութիւնը, թէ` «Լիբանան մուտք գործելու համար ոչ մէկ կողմէն հրաման առինք, եւ այդտեղ մնալու համար արտօնութեան կարիք չունինք. Լիբանանի ապահովական շրջանին մէջ պիտի մնանք եւ այդտեղ պիտի գործենք, մինչեւ որ Հըզպալլան ամբողջ Լիբանանի մէջ զինաթափուի», անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ առնել թէ՛ քաղաքական պահու եւ թէ՛ նախորդ կոչերուն իբրեւ պատասխան ըլլալու հանգամանքներով:
Պարզ է, որ նախարարը կը պատասխանէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի այն յայտարարութեան, թէ կը կարծէ, որ Իսրայէլ պիտի հեռանայ Լիբանանէն:
Սակայն մինչեւ պատասխանի շարժառիթին անդրադառնալը, նախ փորձենք տարբաղադրել ամփոփ յայտարարութեան ուղերձները:
Առաջին հայեացքը Լիբանան մուտքին կը վերաբերի: Կը ձգուի այն տպաւորութիւնը, որ իսրայէլեան ուժերը զբօսաշրջային այցելութեամբ եկած են եւ տեղակայուած լիբանանեան տեսարժան վայրեր: Քաղաքական եզրաբանութիւնը շատ կարեւոր է: Խնամքով անուշադրութեան մատնուած է գործողութեան բնոյթը: Այդ մուտք գործելը ըստ էութեան ներխուժումն է, որ իրականացուց Իսրայէլ Լիբանանի հարաւային հատուածին մէջ:
Երբ կ՛ըսուի, թէ «ոեւէ մէկէն արտօնութիւն չառինք», ըսել կ՛ուզուի այս պարագային «Ուաշինկթընի հետ չհամաձայնեցուցինք»: Եւ որովհետեւ ներխուժումը, ըստ այս յայտարարութեան, ամերիկեան համաձայնութեամբ կամ արտօնութեամբ չէ, հետեւաբար լիբանանեան տարածքներու գրաւումը եւս Իսրայէլ պիտի շարունակէ իբրեւ թէ առանց Միացեալ Նահանգներու թոյլտուութեան: Այսպիսով, Իսրայէլ գերիշխան որոշում առած է Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կատարելու: Այս է պարզապէս քաղաքականօրէն ընկալուածը:
Շարունակենք: Լիբանանեան գրաւումը պիտի շարունակուի մինչեւ Դիմադրութեան ամբողջական զինաթափումը: Այստեղ սակայն Իսրայէլը միայն իւրովի չի մեկնաբաներ իր ուժերու Լիբանանէն հեռացումի պայմանը: Այս պայմանը դիւանագիտական դարձուածքներով եւ ըսելաձեւերով թաքնուած է 14 կէտնոց ուաշինկթընեան համաձայնագիրին մէջ: Այդ կէտերուն մէջ կը խօսուի Դիմադրութեան ամբողջական զինաթափումին, ենթակառուցուածքի ամբողջական կազմաքանդումին մասին, որուն դիմաց տարտամ բանաձեւումներ կան բռնագրաւող ուժերու դուրսբերման մասին:
Ուշագրաւ է, որ այն օրը, երբ Թրամփ յայտարարեց Իրանի հետ փոխըմբռնման յուշագիրի աւարտին մասին, շտապեց նաեւ յիշեցնելու իսրայէլեան ուժերու հեռացման մասին: Փաստօրէն Միացեալ Նահանգներ-Իրան ռազմական գործողութիւններու վերսկսման համաչափ եւ համընթաց չզարգացան ռազմական գործողութիւնները Լիբանանի ուղղութեամբ: Այս մէկը կ՛ենթադրէ ոչ միայն ամերիկեան ճնշումին կամ Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ երեւցող հակասութիւններուն, այլ ընդհանրապէս փոխըմբռնման յուշագիրէն ամբողջովին չհրաժարելու մասին: Լիբանանեան ճակատը այդ յուշագիրի առաջին կէտն է: Այդ կէտը, սահմանափակ գործողութիւններով հանդերձ, չէ վերադարձած իր նախկին վիճակին, համատարած եւ ուժգին հարուածներու տեսքով:
Ուաշինկթըն միայն լիբանանեան ուղղութեամբ չէ, որ ուղերձ կը յղէ Թել Աւիւին: Իսրայէլ-Թուրքիա հռետորաբանական առճակատման եւ անոնց ընդառաջ նախաքայլերու փուլին, նախագահ Թրամփ Անգարայի մէջ Թուրքիան գովերգող եւ անոր դերը` անվտանգային նոր համակարգին մէջ վեր առնող հրապարակումներ կը կատարէ, հերթական անգամ Դիմադրութեան հետ հարցի լուծումը Սուրիոյ յանձնելու յորդորներ հնչեցնելով:
Տարածաշրջանային անվտանգային պատկերները դրական միտումներ չեն յուշեր անշուշտ: Փոխհակակշռումի խաղերը չեն կրնար միակողմանի թոյլտուութեան տալ մէկ երկրի, այս պարագային միայն իսրայէլեան ուժերու առկայութեան: Փոխհակակշռումը ռազմական ներկայութեան դիմաց այլ ռազմական ներկայութեամբ կ՛ընթանայ: Սուրիոյ հրաւէրը լիբանանեան հանգոյցները լուծելու կրնայ այլ հասցէատէր ալ ունենալ եւ Սուրիայով չսահմանափակուիլ:
Այս հանգամանքները աւելի պարտադիր կը դարձնեն, որ ամբողջ Լիբանանը հասկնայ, որ նախապայմանային ելակէտը իսրայէլեան ուժերու հեռացումն է: Անոնց մնալու երկարատեւութիւնը կրնայ հիմնաւորուիլ այլ ուժերու առկայութեան հիմնաւորումներով: Իսկ Անգարա-Թել Աւիւ զիրար հակակշռելու ամերիկեան խաղը այս առումով մտահոգիչ հեռանկարներ կը պարզէ:
«Ա.»