Հարաւային Չինաստանի Մէջ Ողողումներու Պատճառով 39 Զոհ

Հարաւային Չինաստանի Քուանկշի շրջանին մէջ յորդառատ անձրեւներու եւ ողողումներու զոհերուն թիւը բարձրացաւ 39-ի, եւ 9 անձերու ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անյայտ: Այս մասին իշխանութիւնները վկայակոչելով հաղորդեց չինական «Շինխուա» լրատու գործակալութիւնը:

Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ այս թիւերը կը ներառեն Նանինկ քաղաքի մէջ Լիուլան ամբարտակի քանդումի պատճառով յառաջացած ողողումներէն վնասուած անձերը:

Վերջին օրերուն յորդառատ անձրեւներուն հետեւանքով գետերու ջուրերու մակարդակը բարձրացաւ, եւ տուներ քանդուեցան:

Փրկարարներ ձգախէժէ նաւակներով օժանդակութիւն կը բաժնեն շրջանի բնակիչներուն:

 

Leave a Comment