Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Հասարակութիւններու ձեւաւորման եւ անոնց տարբեր բաղադրիչներուն միջեւ կառուցողական գործակցութեան խթանման գործին մէջ երկխօսութեան կարեւորութեան վերաբերեալ իր համոզումէն մեկնելով` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան կազմակերպեց տարբեր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ «Երիտասարդութիւնը եւ մարմնակրթութիւնը երկխօսութեան սրտին մէջ» խորագիրով մամլոյ բաց հանդիպում մը, որուն նպատակն էր ամրապնդել լրատուամիջոցներու մասնագէտներու հետ անմիջական հաղորդակցութեան ուղիները, ընդգծել անոնց պատասխանատու դերը երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերը հանրութեան հասցնելու եւ այս երկու ոլորտներուն մէջ ազգային առաջնահերթութիւններու վերաբերեալ քննարկումները խթանելու գործին մէջ:
«Հանդիպումը առիթ ընծայեց կապեր հաստատելու, կարծիքներ փոխանակելու եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան յաջորդ փուլի տեսլականը, անոր կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններն ու աշխատանքային ծրագիրները վերատեսութեան ենթարկելու, երկու ոլորտներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները քննարկելու, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներու դիտարկումներն ու առաջարկները լսելու այնպիսի ձեւով, որ պիտի նպաստէ աշխատանքի բարելաւման եւ միացեալ համագործակցութեան ամրապնդման:
«Անիկա նաեւ առիթ էր ընդգծելու, որ նախարարութիւնը կ՛որդեգրէ բացուելու եւ տարբեր շահագրգիռ կողմերու, որոնց շարքին լրատուամիջոցներու հետ համագործակցութեան վրայ հիմնուած մօտեցում` մեկնելով լրատուամիջոցներու ազգային նախաձեռնութիւններուն համընթաց քալելու, յաջողութեան պատմութիւնները լուսաբանելու եւ հասարակական կեանքին մէջ երիտասարդներու մասնակցութիւնը խթանելու գործին մէջ ունեցած կարեւոր դերին նկատմամբ իր հաւատքէն:
«Հանդիպումի ընթացքին նախարարը, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները ողջունելէ ետք, ներկայացուց նախարարութեան կողմէ մեկնարկած կամ ներկայիս իրականացուող կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններն ու ծրագիրները: Ան շարունակեց ըսելով. «Նախարարութիւնը առաջնահերթութիւն կու տայ ազգային երիտասարդական ռազմավարութեան մշակման` միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններու երիտասարդներու հետ խորհրդակցական հանդիպումներու ընդարձակ շարքի մեկնարկին` զանոնք հանրային քաղաքականութեան ձեւաւորման եւ յաջորդ փուլի առաջնահերթութիւններու սահմանման գործին մէջ ներգրաւելու համար:
«Մենք նաեւ կ՛աշխատինք «Պատասխանատու քաղաքացիութիւն» նախաձեռնութեան ազգային արշաւի մեկնարկի, ինչպէս նաեւ ամէնօրեայ մարզումներու կարեւորութեան մասին իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու «Եղի՛ր գործուն» ազգային արշաւի եւ կայացմանը վրայ առաջին ազգային երիտասարդական խորհրդաժողովին, որ համախմբած է լիբանանեան տարբեր համալսարաններէն հարիւրաւոր երիտասարդ տղամարդիկ եւ կիներ` քննարկելու Լիբանանի ապագային վերաբերեալ իրենց տեսլականը եւ ազգային առաջնահերթութիւնները:
«Ատոր զուգահեռ կը մշակուի նախարարութեան ելեկտրոնային հարթակը` թուային փոխակերպումը խթանելու համար, ինչպէս նաեւ շարք մը նախագիծեր, որոնք ուղղուած են երիտասարդներու մասնակցութեան ընդլայնման, երիտասարդական միութիւններու աջակցութեան եւ համալսարաններու, սեփական հատուածի, տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ գործընկերութեան ամրապնդման»:
«Մարմնակրթութեան ոլորտին մէջ նախարարութիւնը ընդգծեց մարմնակրթական միջավայրի զարգացման եւ մարզիկներու անվտանգութեան բարձրացման ուղղուած իր ջանքերը, բացի տարբեր կարգաւորիչ շրջանակներու մշակումէն եւ մարզական միջոցառումներ կազմակերպող մարզական ֆետերասիոններու եւ ընկերակցութիւններու հետ շարունակական համակարգման պահպանումէն: Այս համակարգումը նպատակ ունի ամրապնդել անվտանգութեան չափանիշերը եւ բարձրացնել Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան մակարդակը: Նախարարը նաեւ գովաբանեց Լիբանանի մարզական ֆետերասիոններու նուաճումները միջազգային ասպարէզին մէջ` ընդգծելով, որ մարզիկներուն աջակցիլն ու զանոնք հզօրացնելը հիմնարար յենասիւներ են շրջանային եւ միջազգային ֆորումներու մէջ Լիբանանի ներկայութիւնը ամրապնդելու եւ երկրի հեղինակութիւնը բարձրացնելու համար:
«Հանդիպումը աւարտեցաւ` ընդգծելով կարեւորութիւնը այս տեսակի պարբերական հանդիպումներու, որոնք կ՛ամրապնդեն նախարարութեան եւ լրատուամիջոցներուն միջեւ համագործակցութիւնը, կը բարձրացնեն թափանցիկութիւնը եւ գաղափարներու փոխանակումը, ինչպէս նաեւ կը նպաստեն երիտասարդութեան հզօրացման, մարմնակրթական ոլորտի զարգացման եւ ազգային զարգացման հոլովոյթին մէջ անոր դերի ամրապնդման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն ու նախագիծերուն համընթաց քալելուն»: