Նախկին Երեսփոխան Ճորճ Գասարճիի Վերջին Հրաժեշտ

Երէկ, Զահլէի յոյն կաթողիկէ Սայիտաթ Նաժաթ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախկին անդամ Ճորճ Գասարճիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Ֆըրզոլի, Զահլէի եւ Պեքայի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իպրահիմ Միխայէլ Իպրահիմ եպիսկոպոսին: Յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը պաշտօնապէս կը ներկայացնէր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանը կը ներկայացնէր Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Եզեկիէլ վրդ. Սելլումեան:

Ճորճ Գասարճի ծնած է 9 մայիս 1938-ին, իր նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է զանազան վարժարաններու մէջ, ապա կանուխ տարիքէն նետուած է արդիւնաբերական գործունէութեան ասպարէզ` սեփականատէրը դառնալով երկաթի եւ ալիւմինիոմի գործարաններու: Շուտով իր գործարարական աշխատանքին ծիրը ընդլայնուած է` ընդգրկելով արաբական երկիրներ Իրաքը, Սուրիան, Քուէյթը եւ Սէուտական Արաբիան:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին յայտնի դարձաւ կռուող կողմերուն միջեւ իր հաշտարար դերակատարութեամբ, նպաստեց կարգ մը առեւանգուածներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գիւղերէ եւ քաղաքներէ պաշարումի վերացման աշխատանքին մէջ:

Երեսփոխան ընտրուեցաւ Պեքայի երկրորդ ընտրաշրջանէն` 1992-ին, 1996-ին, 2000-ին եւ 2005-ին: Խորհրդարանին մէջ ան եղաւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան եւ տեղեկատուութեան ու հեռահաղորդակցութեան խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամ, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան յանձնախումբի քարտուղար:

Ան խորհրդարանին մէջ յայտնի դարձաւ ապրուստի եւ ընկերային հարցերու, մանաւանդ ջուրի, ելեկտրականութեան եւ բջիջային հեռաձայնի թղթածրարներուն վերաբերող հարցերու հետապնդումով:

Leave a Comment