Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքի` «Թուր տը Ֆրանս»-ի 3-րդ հանգրուանը շահեցաւ Թատէյ Փոկաչար եւ հագուեցաւ դեղին շապիկը:
3-րդ հանգրուանը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ Կրանոլեր շրջանէն Լեզ Անկլը` 195,9 քմ երկարութեամբ, ուր Փոկաչար կրցաւ իր ետին ձգել դեղին շապիկաւոր Եոնաս Վինկըկորը:
Պոնիւս (նուէր) երկվայրկեանները բաժնուելէն ետք, սլովենիացի Փոկաչար դանիացիէն խլեց շապիկը, հակառակ անոր որ երկու վարորդներն ալ նոյն ժամանակները ունին:
4 անգամ «Թուր տը Ֆրանս»-ի տիտղոսակիր Փոկաչար վերջին 1 քիլոմեթրին իր խմբակից եւ 2-րդ հանգրուանի ախոյեան Իզաք Տել Թորոյի հետ հեռացաւ խմբակէն եւ շահեցաւ իր ասպարէզի 22-րդ հանգրուանը, ժամանման գիծին մօտ սփրինթով մը: Անգամ մը եւս այս հանգրուանը լեռնային դժուար շրջավազք մըն էր, ուր Թատէյ Փոկաչար ինքզինք փաստեց դժուար բլուրներու վրայ: 4 հազար մեթրի չափ մագլցելէ ետք Էմիրէյթց խումբը լաւապէս օգնեց Փոկաչարի, որ սփրինթով յաղթեց Վինկըկորին (2-րդ), մինչ էքուատորցի Ռիչըրտ Քարափաս գրաւեց 3-րդ դիրքը: Ֆրանսացի 19 տարեկան Փոլ Սայքսաս 4-րդ դիրքը գրաւեց` վերջապէս իր մակարդակը վերագտնելով, եւ այժմ կը պայքարի ճերմակ շապիկին համար:
Յաջորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Քարքասոնէն Ֆուա ճամբուն վրայ, որ 181,9 քմ երկարութիւն ունի: Վերջին մասին, ուր վարորդները պիտի մագլցին Քոլ տը Մոնսեկուրը, քիչ մը դժուար կրնայ ըլլալ սփրինթի մէջ վարպետ վարորդներուն համար, հակառակ անոր որ վերջին բաժինը կրնայ օգնել անոնց սոլօ կամ փոքր խմբակով յարձակումի համար:
Ստորեւ` արդիւնքները.
1.- Թատէյ Փոկաչար (Էմիրէյթց) 4 ժամ 45′ 11″
2.- Եոնաս Վինկըկոր (Վիամա) 2″ ուշ
3.- Ռիչըրտ Քարափաս (Իզիփոսթ) 2″ ուշ
4.- Փոլ Սայքսաս (Տեքաթըն) 2″ ուշ
5.- Թոպիաս Եոհանսեն (Ունօ) 4″ ուշ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Թատէյ Փոկաչար 8 ժամ 46′ 55″
2.- Եոնաս Վինկըկոր նոյն ժամանակը
3.- Ռեմքօ Էվենեփուլ 23″ ուշ
4.- Իզաք Տել Թորօ 24″ ուշ
5.- Խուան Այուսօ 27″ ուշ