Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ նշեց. «Իրանի նախկին գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէին, որուն յուղարկաւորութիւնը հիմա տեղի կ՛ունենայ, ոչնչացուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, որովհետեւ նախաձեռնեց ու ղեկավարեց ծրագիր մը, որուն նպատակը Իսրայէլը քանդելն է»:
«Ոեւէ իրանցի ղեկավար, որ դարձեալ կը փորձէ Իսրայէլը քանդելու ծրագիր յառաջ մղել, իր կարգին պիտի ոչնչացուի», աւելցուց Քաց:
«Իրանի վրայ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ղեկավարութեամբ լայնածաւալ յարձակումը վերացուց Իսրայէլի նկատմամբ գոյութենական վտանգ մը եւ Իրանի կարողութիւններուն վնաս հասցուց», նշեց ան:
«Իսրայէլ պատրաստ է որեւէ պահու եւ որեւէ սպառնալիքի առջեւ իր սեփական ուժերով վերստին ինքզինք պաշտպանելու», շեշտեց Քաց: