Համաս Կազայի Մէջ Իր Կառավարութեան Լուծարումը Յայտարարեց

Կազայի մէջ կառավարութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ կառավարական արտակարգ յանձնախումբի նախագահութեան եւ յանձնախումբի պաշտօնական լուծարումը յայտարարեց` առ ի նախապատրաստութիւն Կազայի մէջ վարչական լիազօրութիւններն ու կառավարումը Կազայի կառավարման ազգային յանձնախումբին փոխանցման:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կառավարութեան արտակարգ յանձնախումբի ղեկավար եւ կառավարութեան յանձնախումբի ղեկավարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ժաուատ Ֆարրան իր հրաժարականը ներկայացուցած է` լրջութիւնը ապացուցելու եւ վարչական անցումային հոլովոյթին ու ազգային համաձայնագիրներու գործադրութեան նպաստելու նպատակով:

Տեղեկատուական գրասենեակի բանբերը Շուհատա Աքսա հիւանդանոցին առջեւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ իշխանութեան յանձնման բոլոր վարչական ու իրաւական դասաւորումները ամբողջացած են:

Ան նշեց, որ այս քայլերը թափանցիկ կերպով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչի դէտի ներկայութեամբ ներկայացուած են պաղեստինեան խմբաւորումներուն եւ ուժերուն, ինչպէս նաեւ ցեղախումբերու բարձրագոյն յանձնախումբին ու քաղաքային հասարակութեան կառոյցներուն:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Համասի կառավարութեան ձեւական հրաժարականը միայն անիմաստ ապակողմնորոշում է»:

Համաս շարժումի բանբեր Հազեմ Քասեմ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին հերքեց Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի այդ պնդումը` շեշտելով, որ այժմ գնդակը ամբողջութեամբ ամերիկեան վարչակազմին ու Շարմ Շէյխի խորհրդաժողովի միջնորդներուն դաշտն է, որպէսզի Թել Աւիւին ստիպեն յարձակումը դադրեցնել եւ վարչական յանձնախումբի շրջան մուտքը ապահովեն»:

 

 

Leave a Comment