Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ նախարարական հերթական ժողովի աւարտին յայտարարեց, թէ անդրադարձ կատարուած է նախարարներու հարաւային գիւղեր եւ գիւղաքաղաքներ շրջապտոյտին, եւ քննարկուած են քաղաքացիներուն իրենց գիւղեր վերադառնալու եւ անոնց պատշաճ ու ապահով կերպով պատսպարման ապահովման քայլերու ամրապնդման կարելիութիւնները:
Մըրքոս աւելցուց, որ նախնական գնահատումներու համաձայն, պատերազմի վնասներու նախնական արժէքը երեքէն չորս միլիառ տոլարի միջեւ է` առանց հաշուի առնելու տնտեսական կորուստներն ու անուղղակի վնասները` Կազայի թիկունք կանգնելու առաջին պատերազմի վնասներէն անկախ:
Ժողովի աւարտին վարչապետը շահագրգիռ նախարարներուն ցուցմունք տուած է ամբողջացնելու այն քայլերը, որոնք տեղահանուածներուն տունդարձը կ՛ապահովեն ու կը դիւրացնեն, ապահովելու առնչակից նախարարութիւններէն պահանջուած ծառայութիւնները եւ ամրապնդելու այս նպատակի իրագործման համար իրենց միջեւ համակարգումը: