Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթն ու իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակէն եւ լիբանանեան բանակէն սպաներ սկսած են իրարու հետ հաղորդակցիլ` «Հըզպալլայէն զերծ շրջան»-ին շուրջ արժեչափերու մշակման համար, մինչ նոյն ատեն իսրայէլեան ուժերը կը պատրաստուին հեռանալ «փորձառական երկու շրջաններէ» եւ զանոնք լիբանանեան բանակին յանձնել:
Իսրայէլեան երկու լրատուամիջոցները աւելցուցին, որ իսրայէլեան բանակը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ գոյացած շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան շարունակման ծիրին մէջ կը պատրաստուի հարաւային Լիբանան գտնուող փորձառական երկու շրջաններ, որոնք կը գտնուին Նապաթիէի շրջանին մէջ, եւ Ֆրուն ու Զաութար Շարքիէ գիւղերը լիբանանեան բանակին յանձնելու:
«Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի համաձայն, Իսրայէլ ներկայ փուլին լիբանանեան բանակէն նշեալ շրջաններ մուտք գործելու պատրաստակամութիւնը արտայայտող հաղորդագրութեան մը կը սպասէ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան հաւանութիւնը` «փորձառական գործողութեան»-ի մէջ յառաջ ընթանալու համար:
Իսրայէլեան օրաթերթը կը նշէ, որ ամերիկեան վարչակազմը ատոր մօտէն կը հետեւի եւ Թել Աւիւի ու Պէյրութի միջեւ «իրաւարարութեան ու համակարգման» դեր կը կատարէ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանը իր կարգին նշեց. «Իսրայէլեան բանակէն եւ լիբանանեան բանակէն սպաներ վերջին օրերուն ամերիկեան միջնորդութեամբ հաղորդակցութեան կապ մը հաստատեցին` հարաւային Լիբանանէն փորձառական հեռացման սկսելէն առաջ «Հըզպալլայէն զերծ շրջանին» էութիւնը ճշդելու յստակ արժեչափերու մշակման համար»:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը պատկերասփիւռի կայանին ըսած է. «Լիբանան հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ Իսրայէլի հիմնականին մէջ նախկին փորձառութիւններէ մղուած յստակ արժեչափերու մշակման կարիքին եւ «Հըզպալլայէն զերծ շրջան»-ի սահմանման անյստակութեան նկատմամբ»:
«Ներկայ փուլին հեռանալու սկսելու համար Լիբանանէն Իսրայէլի վրայ որեւէ ճնշում չկայ, եւ ատիկա գործողութիւն մըն է, որ պէտք է քանի մը շաբաթէն սկսի», աւելցուցած է աղբիւրը:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանին համաձայն. «Իսրայէլ նախապէս Հըզպալլայի գործունէութեան մասին հետախուզական տեղեկութիւններ կը փոխանցէր լիբանանեան բանակին, սակայն այդ տեղեկութիւնները կուսակցութեան կը սպրդեցուէին: Այս անգամ, Իսրայէլ լիբանանցիներուն հետ երկխօսութեան ծիրին մէջ յանձնեց լիբանանցի սպաներու անուններ, որոնցմէ ոմանք բարձրաստիճան, կուսակցութեան տեղեկութիւններ սպրդեցնելու կասկածանքով: Ցուցակին կցուած էր այդ սպաները նոր մեքանիզմին մասնակից չդարձնելու դիմում մը»: