Նեթանիահու. «Լիբանանի Մէջ Կարգ Մը Քրիստոնէական Գիւղեր Իրողապէս Խնդրեցին Իսրայէլի Կցուիլ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Ամերիկայէն Իսրայէլէն աւելի լաւ դաշնակից չկայ, եւ Իսրայէլին Ամերիկային աւելի լաւ դաշնակից չկայ: Ես եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հարցերու 99 առ հարիւրին շուրջ համաձայն ենք եւ տեսակէտներու որեւէ տարբերութիւն կը յաղթահարենք լիակատար բացութեամբ»:

Նեթանիահու նշեց. «Նախագահ Թրամփ Ամերիկայի ղեկավարն է եւ կը կատարէ այն, ինչ որ անոր շահերուն կը ծառայէ, իսկ ես Իսրայէլի ղեկավարն եմ եւ կը կատարեմ այն, ինչ որ անոր շահերուն կը ծառայէ, եւ չեմ կարծեր, որ Թրամփի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ճեղք գոյութիւն ունի»:

Իսրայէլի վարչապետը «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ Թուրքիան «հոյակապ պետութիւն է, սակայն կը ղեկավարուի անձի մը կողմէ, որ հրապարակաւ Իսրայէլը քանդելու կոչ կ՛ուղղէ»:

Ան աւելցուց, որ Իսրայէլը, ի տարբերութիւն Թուրքիոյ, Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու կողքին կանգնեցաւ:

Նեթանիահու նաեւ նշեց, որ Թրամփի հետ իր հանդիպումի թուականը մինչեւ հիմա չէ ճշդուած` յոյս յայտնելով, որ անոր Լիբանանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց մը կը ներկայացնէ:

Անդրադառնալով լիբանանեան թղթածրարին` Նեթանիահու նշեց. «Լիբանանի մէջ կարգ մը քրիստոնէական գիւղեր իրողապէս պահանջեցին Իսրայէլի կցուիլ, որովհետեւ զանոնք Հըզպալլայէն կը պաշտպանենք»:

Ռմէյշի քաղաքապետ Հաննա Ամիլ կտրուկ կերպով հերքեց Իսրայէլի վարչապետին պնդումը` զայն նկատելով «անճիշդ», եւ նշեց, որ հարաւային որեւէ գիւղ այդպիսի պահանջ չէ ներկայացուցած:

«Երկու օր առաջ 15 քրիստոնէական գիւղեր հրապարակած էին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հերքած էին այս պնդումները` ընդգծելով, որ այս գիւղերը «ոչ թէ ծայրամասային են, այլ Լիբանանի սիրտը, որ կը բաբախէ հայրենասիրութեամբ, հողին ու լիբանանեան ինքնութեան կապուածութեամբ», ըսաւ Ամիլ:

Ան զարմանք յայտնեց հակառակ գիւղերէն յստակ եւ անկեղծ հերքումի հրապարակման այս պնդումներու դարձեալ շրջանառութեան մէջ դրուելուն նկատմամբ:

Պըրրի Բարձր Գնահատեց Քրիստոնէական Գիւղերու Յայտարարութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բարձր գնահատեց սահմանամերձ քրիստոնէական գիւղերու հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն միջոցով անոնք մերժեցին Նեթանիահուի պնդումները:

«Այդ գիւղերու մարդոց դիրքորոշումն ու գործունէութիւնը, անոնց անսասանութիւնը եւ հաւատարմութիւնը իրենց հողին ու ինքնութեան, կ՛արտացոլեն իսկութիւնը անոնց պատկանելիութեան, որմէ անոնք ոչ մէկ պարագայի պիտի զիջին», ըսաւ ան:

Պըրրի զգուշացուց հաւատալէ իսրայէլեան սուտերուն, որոնց նպատակը սահմանամերձ շրջաններու զաւակները սադրալից օրակարգերու մէջ ներքաշելն է` անոնց միջեւ խնդիր յառաջացնելու նպատակով:

Ֆատլալլա. «Սահմանամերձ Քրիստոնէական Գիւղերը Իսլամական Գիւղերուն Նման Կառչած Կը Մնան Իրենց Ազգային Պատկանելիութեան»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա խորհրդարանին մէջ յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ իշխանութիւնը «չի համարձակիր հակադարձել» Նեթանիահուի պնդումին, թէ սահմանամերձ քրիստոնէական գիւղերը կը պահանջեն Իսրայէլի կցուիլ:

«Ատիկա կասկածելի յայտարարութիւն մըն է, որ ցոյց կու տայ մեր սիրելի հայրենիքին նկատմամբ Իսրայէլի մտադրութիւնները: Այդ գիւղերը իսլամական գիւղերուն նման կառչած կը մնան իր բոլոր զաւակներուն համար վերջնական հայրենիքի իրենց պատկանելիութեան, եւ անոնք հարաւային Լիբանանի ազգային ու ընկերային կառուցուածքի անբաժանելի մաս կը կազմեն:

«Ինչ կը վերաբերի բռնագրաւումին եւ գործակալներուն, անոնք պիտի հեռանան եւ որեւէ դեր պիտի չունենան մեր երկրի ապագային մէջ», նշեց Հասան Ֆատլալլա:

 

 

Leave a Comment