Ակնարկ. «Բարի Կամեցողութեան» Բռնակցումի Ծրագիրը

Իսրայէլի վարչապետին վերջին յայտարարութիւնները` լիբանանեան գիւղերու բռնակցումի մասին, բացայայտ սպառնալիք է Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան ուղղուած: Ըստ անոնց, լիբանանեան քրիստոնեայ որոշ գիւղեր դիմած են Իսրայէլին կցուելու առաջարկով:

Անկախ թէ այս դիմումը կատարուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, այս յայտարարութիւնը Իսրայէլի հետապնդած նպատակներուն վրայ լուսարձակներ կը բանայ եւ բացայայտում կը կատարէ:

Անվտանգութեան գօտի, անմարդաբնակ տարածքներ, ոչ ոքի տարածք, ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի բացառում, իբրեւ թէ ժամանակաւոր վերահսկողութիւն եւ ապա հանգրուանային ենթադրեալ  հեռացում` այս բոլորը կ՛աւարտին այս յայտարարութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ չեն  նշուիր դիմում կատարած գիւղերու կամ քաղաքներու անուններ: Բայց երբ կը խօսուի կցումի մասին, բնականաբար կը հասկցուին սահմանամերձ տարածքներ: Դիմումի շարժառիթը, իբրեւ թէ Հըզպալլայի կողմէ սպանդի չենթարկուելու մտահոգութիւնն է:

Քաղաքական տրամաբանութեամբ որոշ ուղերձներ եւ ենթաուղերձներ կան այս ամփոփ ձեւակերպումներուն մէջ: Նախ անշուշտ, Հըզպալլա-լիբանանցի բնակչութիւն տարանջատումը խորացնելն է` ընդգծելու համար, որ մահուան, աւերումի պատճառը Դիմադրութիւնն է, ինչ որ ենթահող շահած է լիբանանեան հասարակութեան մէջ: Երկրորդ, այս ձեւով բռնակցումի որեւէ քայլ ոչ թէ իսրայէլեան նախաձեռնողութեամբ տեղի կ՛ունենայ, այլ լիբանանեան կողմի որոշ քաղաքներու կամ գիւղերու բնակչութիւնը ներկայացնող ղեկավարութեան դիմումով: Այստեղ Իսրայէլը կը ներկայանայ, փրկարարի կամ իբրեւ թէ Դիմադրութենէն ժողովուրդը ազատագրելու դերով:

Բռնակցումը արդէն իսկ իրողապէս առկայ է: Իսրայէլեան ուժեր կը շարունակեն վերահսկել լիբանանեան տարածքներ: Կարելի է մտածել, որ այս պարտադրուած իրողութիւնը ոչ միայն անվտանգային մղում ունի, այլ նաեւ բանակցային խաղաթուղթի  դեր: Հանգրուանային հեռացումին դիմաց առաւելագոյնը պահանջել լիբանանեան կողմէն:

Բայց տակաւին հեռու կը թուի այս վարկածի իրականացումը: Իսրայէլ իր հեռացման պահանջին դիմաց կրնայ այնպիսի նախապայմաններ դնել, որ անկարելի դարձնէ նաեւ իր հեռացումը: Իսկ հեռացումի մերժումը փաստօրէն բռնակցումի համազօր է:

Հիմա վերադառնանք շրջագծային համաձայնագիրին, այնտեղ նկատելու համար այնպիսի կէտեր, որոնք կը խօսին կողմերու, այս պարագային Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու սկզբունքին մասին: 2-րդ, 3-րդ եւ  4-րդ կէտերուն մէջ կայ յստակ ձեւակերպում Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերաամրագրող: Իսրայէլի վարչապետին այս յայտարարութիւնը ըստ էութեան հակասական է իր ներկայացուցիչին ստորագրած շրջագծայինին:

Նոյն փաստաթուղթին 13-րդ կէտը կը խօսի հետագայ յարաբերութիւններուն ընդառաջ կողմերէն ակնկալելի բարի կամեցողութեան դրսեւորումներուն մասին: Իսրայէլի կողմէ բարի կամքը կ՛ընկալուի շարունակուող հրթիռակոծումներով, ռազմական գործողութիւններով, կալանաւորուածները պահելով, հիմա ալ բռնակցումի ծրագիրի հրապարակումով:

Որեւէ նախահամաձայնական փաստաթուղթի ստորագրութիւն կ՛ենթադրէ այս բոլոր գործողութիւններու բացառումը: Տուեալները այդպէս են, որ «բարի կամք»-ի նոր դրսեւորումներ կ՛արձանագրուին Իսրայէլի կողմէ:

«Ա.»

Leave a Comment