Պասքեթպոլ. Լիբանան Յաղթեց Սէուտական Արաբիոյ Մէջ` 82-88

Հինգշաբթի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը, Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա), 88-82 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն Սէուտական Արաբիոյ ազգային խումբը եւ ամրապնդեց իր դիրքը դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ:

Մոնտիալի զտումի Դ. խմբակին գծով նախավերջին մրցումին, Լիբանան նոյնիսկ առանց Ուաէլ Արաքժիի եւ Եուսեֆ Խայյաթի կրցաւ տիրապետել մրցակիցին վրայ, որ 2-րդ եւ 3-րդ մասերուն յառաջացաւ, բայց Լիբանան կրցաւ յաղթանակը կերտել վերջին մասին` նշանակելով 25 կէտեր եւ ստանալով 16 կէտ միայն:

Ամիր Սէուտ (25 կէտ), Սերժիօ Տարուիշ (19 կէտ), Ժիհատ Խաթիպ (13 կէտ), Ժերար Հատիտեան (9 կէտ), Հայկ Կէօքճեան (6 կէտ), Ալի Մանսուր (5 կէտ), Օմար Ժամալէտտին (4 կէտ), Աթեր Մաժոք (4 կէտ), Քարիմ Զէյնուն (3 կէտ) եւ Ալի Մըզհեր մասնակցեցան այս կարեւոր յաղթանակին:

Այս յաղթանակը կարեւոր էր զտումի մրցումներուն համար` նկատի ունենալով, որ կէտերը պիտի մնան յաջորդ հանգրուանին համար ալ, որ անոնք դասաւորման համար շատ կրնան օգնել:

Բ. հանգրուանին Լիբանան, Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա պիտի ըլլան Ասիոյ Զ. խմբակին մէջ` իրենց հետ ունենալով Ճափոնը, հարաւային Քորէան եւ Չինաստանը, որոնք Բ. խմբակի առաջին 3 դիրքերը կը գրաւեն:

2027-ի Մոնտիալին պիտի հասնին առաջին 3 դիրքերը գրաւող խումբերը, մինչ 4-րդ դիրքը գրաւող խումբն ալ կրնայ մասնակցիլ, եթէ Ե. խմբակի 4-րդ դիրքը գրաւող խումբէն աւելի կէտեր ձեռք ձգէ:

Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի` 27 օգտոստոսէն 12 սեպտեմբեր, Քաթարի մէջ: Վերջին Մոնտիալը 2023-ին հիւրընկալած էին Ֆիլիփեան կղզիները, Ճափոնը եւ Ինտոնեսիան, ուր Գերմանիա դարձած էր աշխարհի ախոյեան` պարտութեան մատնելէ ետք Սերպիան 83-77 արդիւնքով:

 

Leave a Comment