Բրիտանիոյ Նոր Մրցանիշ. Էլիոթ Անտերսոն Միացաւ Մանչեսթըր Սիթիին

Մանչեսթըր Սիթի իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտնեց, որ ակումբը համաձայն է Նոթինկհամ Ֆորեսթի կեդրոնական միջնապահ Էլիոթ Անտերսոնի փոխանցման շուրջ:

Կը հաղորդուի, որ 23 տարեկան միջնապահը արդէն յաջողութեամբ կատարած է իր բժշկական քննութիւնը: Փոխանցման հետ կապուած ամբողջ աշխատանքը վերջնականապէս կը կարգաւորուի, երբ Անգլիոյ ազգային խումբը կ՛աւարտէ Մոնտիալը եւ կը վերադառնայ Անգլիա:

«Մանչեսթըր Սիթիի ամբողջ անձակազմը Էլիոթին եւ Անգլիոյ հաւաքականին յաջողութիւն կը մաղթէ Մոնտիալին, եւ մենք անհամբեր կը սպասենք անոր` Մանչեթըրի մէջ ողջունելու կարելիութեան», կը նշուի «Սիթիզըն»-ներու տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Անցեալ տարեշրջանին Անտերսոն Նոթինկհամ Ֆորեսթի կազմին հետ կատարած էր 50 հանդիպումներ` դառնալով 4 կոլերու եւ 5 էսիսթներու հեղինակ: Նշենք, որ այս փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 116 միլիոն սթերլինկ փաունտով (շուրջ 135 միլիոն եւրօ), որ կը նկատուի Բրիտանիոյ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն թանկարժէքը:

Leave a Comment