Պոսթըն Սելթիքսի աստղերէն Ճէյլըն Պրաուն 10 տարի փայլելէ ետք Սելթիքսի հետ այժմ փոխանցուեցաւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ:
29 տարեկան Պրաուն, որ 2024-ի ախոյեան դարձած էր Սելթիքսի հետ, ընտրուած էր աւարտականի լաւագոյն մարզիկ («Էմ. Վի. Փի.») եւ 5 անգամ մասնակցած է «Օլ Սթարզ» մրցումին:
Պրաունի փոխարէն Սելթիքս պիտի ստանայ 36 տարեկան Փոլ Ճորճը, որ իր կարգին փայլուն մարզիկներէն մէկն էր վերջին տարիներուն:
Ճորճ 2010-էն 2017 Ինտիանա Փէյսըրզի մարզիկ եղած է` 2 տարի միանալով Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին, ապա 2019-էն 2024` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին: 2024-ին ան միացած էր Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին: Ան 9 անգամ մասնակցած է «Օլ Սթարզ» մրցումին եւ 2016-ին ոսկի մետալը շահած Ռիօ Տը Ժանէյրոյի Ողիմպիական խաղերուն, ազգային խումբին հետ:
Պրաուն յուսախաբ եղաւ, երբ Սելթիքս զինք փոխարինելու թեկնածուներուն ցանկին դրաւ: «Ոչ մէկը աւելի յաղթանակ տարաւ բնական կամ փլէյ-օֆի 10 յաջորդական եղանակներուն, որքան ես», ըսաւ ան: Իրապէս ալ Սելթիքս 523 մրցումներ յաղթեց Պրաունի ներկայութեան, 6 մրցում աւելի, քան Նիքոլա Եոքիչ` Տենվըրի հետ: