«Ես կ՛ուզէի ձեզ շնորհաւորել` ընտրական յաղթանակին առիթով: Այս ընտրութիւնները անգամ մը եւս ցոյց տուին Հայաստանի ժողովրդավարութեան ամրութիւնը: Հայաստան կը շարունակէ ընթանալ ժողովրդավարութեան, բարեփոխումներու, խաղաղութեան եւ Եւրոպական Միութեան հետ աւելի սերտ գործընկերութեան ուղիով»: Այս մասին ըսաւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն` Նիկոլ Փաշինեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Ես հիմա եկած եմ ըսելու, որ դուք կրնաք մեր վրայ յոյս դնել: Երբ Հայաստան Եւրոպական Միութեան կը մօտենայ, Հարաւային Կովկասը նաեւ աւելի կը մերձենայ:
«Անցեալ տարի Խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը պատմական իրադարձութիւն էր, կարեւորագոյն քայլերէն մէկը, որ այս շրջանը ձեռնարկած է տասնամեակներու ընթացքին: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու շարունակական բնականոնացման: Այս որոշումները կը պահանջէին քաղաքական խիզախութիւն եւ առաջնորդութիւն, եւ ես գիտեմ, որ ատոր պտուղները տպաւորիչ պիտի ըլլան», նշած է ան` աւելցնելով, որ բաց սահմանները պիտի վերափոխեն Հայաստանի տնտեսական ապագան, եւ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ այդ տեսլականը իրականութիւն դարձնելու:
Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն ընդգծած է, որ փոխկապակցուածութեան միջոցով խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով կը յայտարարէ նոր, 200 միլիոն եւրոյի Համաշխարհային դարպասներ» թղթածրարի մասին:
Ան նշած է, որ ելեւմտական գործընկերներու հետ պատրաստ են ամբողջ Հարաւային Կովկասին յատկացնելու մինչեւ 2 միլիառ եւրօ` ռազմավարական, փոխադրամիջոցային, ուժանիւթային կապուղիներու համար եւ ոչ միայն, ինչ որ Հայաստանի մէջ կրնայ սատարել ընթացիկ եւ նախապատրաստուող ծրագիրներուն, ներառեալ` սահմանային անցակէտերը եւ ճանապարհային ենթակառուցուածքը:
«Ես գիտեմ, որ Հայաստանը տակաւին կը բախի Ռուսիոյ կողմէ նշանակալից տնտեսական ճնշումի, գրեթէ տնտեսական բռնութեան մերձ: Բայց վստահ եղէք, երբ մեր գործընկերներուն վրայ ճնշումը կը կուտակուի, Եւրոպական Միութիւնը յառաջ կու գայ, քայլ կը կատարէ», ըսած է Ֆոն Տեր Լեյեն:
«Մենք կրնանք վերաուղղորդել այն արտադրութիւնները, որոնք այժմ մեծապէս ուղղուած են ռուսական շուկայ, եւ զանոնք ուղարկել Եւրոպական Միութեան միասնական շուկայ` 450 միլիոն սպառողներու:
«Այս քայլը Եւրոպայի դռները պիտի բանայ Հայաստանի թարմ գիւղամթերքի գրեթէ 99 առ հարիւրին համար, նաեւ ձեր խմիչքներու եւ ոգելից ըմպելիներու Եւրոպական Միութեան միասնական շուկայ արտածման համար», յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը: