Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավար Միխայիլ Միշուսթին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ կառավարութեան նախագահ Միխայիլ Միշուսթինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ կառավարութիւններու ղեկավարները քննարկած են առեւտրատնտեսական, գիտական-ճարտարագիտական եւ մշակութային-մարդասիրական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան արդիական հարցեր: