Ապու Հասան. «Շրջագծային Համաձայնութիւնը Բազմաթիւ Թերութիւններ Ունի»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի քարտուղար Հատի Ապու Հասան «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան կողմին հետ բանակցութիւններու սկզբունքի առաջարկման առաջին պահէն զօրակցեցանք Փաքիստանի հոլովոյթին զուգահեռ բանակցային հոլովոյթի մը գոյութեան` մեկնելով մեր համոզումէն, թէ լիբանանեան պետութիւնը իր գերիշխան որոշումը ունի: Ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծէինք, թէ որեւէ համաձայնութիւն կարիքը ունի երկու երաշխաւորներու, առաջինը Միացեալ Նահանգներն են, իսկ երկրորդ` Իրանը, ինչ որ կ՛արտօնէ նախարարաց խորհուրդի որոշումի եւ Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութիւնը»:

«Լիբանանեան բանակցային պատուիրակութեան վրայ մեծ ճնշումներ գործադրուեցան Իսրայէլին յարմար եղող համաձայնութեան հասնելու զիջումներ խլելու համար, առանց նկատի ունենալու այն, թէ որեւէ համաձայնութիւն առողջ եւ հաւասարակշռուած ըլլալու համար պէտք է նկատի ունենայ լիբանանեան ազգային շահը», ըսաւ երեսփոխանը` աւելցնելով. «Շրջագծային համաձայնութեան մէջ կան բազմաթիւ թերութիւններ, որոնց գլխաւորը բացակայութիւնն է ժամանակացոյցի մը, որ Իսրայէլին կը ստիպէ հեռանալ եւ իր յարձակումները դադրեցնել»:

«Չենք կրնար ո՛չ 27 նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութիւնը, ո՛չ Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ վաւերացուած Ազգային ուխտի փաստաթուղթը եւ ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը շրջանցել, եւ բոլոր անոնք ընդգծեցին զինադուլի համաձայնութեան (1949 թուականի, «Ա.») նկատմամբ յանձնառութիւնը», շեշտեց Ապու Հասան:

«Շրջագծային համաձայնագիրը ճանչցուած միջազգային սահմաններուն նշում չի կատարեր, ինչպէս նաեւ վերաշինութեան յստակ պատկերացում չի պարունակեր: Եւ շատ արժէքաւոր խաղաքարտ մը կորսնցուցինք, երբ հրաժարեցանք զինադուլի համաձայնութենէն, որ միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած փաստաթուղթ է», ըսաւ ան:

«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամը ազգային բարձր գիտակցութիւն ունին, սակայն կը թուի, թէ շրջագծային համաձայնութեան հովանաւոր կողմէն լիբանանեան պատուիրակութեան վրայ մեծ ճնշում գործադրուեցաւ», յայտնեց երեսփոխանը:

«Կառավարութեան բոլոր որոշումներուն զօրակցեցանք, եւ մեր նախարարները անոնց թեր քուէարկեցին, սակայն երբ որեւէ համաձայնութեան մէջ թերութիւններ կը տեսնենք, մեր գլուխը հողին մէջ չենք պահեր եւ զանոնք չտեսնել չենք ձեւանար, այլ զանոնք մատնացոյց կ՛ընենք` մեկնելով ազգային շահին նկատմամբ մեր նախանձախնդրութենէն», շեշտեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի քարտուղարը:

«Նախարարաց խորհուրդին մէջ մեր սկզբունքները սակարկութեան նիւթ պիտի չդարձնենք, եւ մեր նախարարները պատշաճ կերպով կ՛արտայայտեն մեր դիրքորոշումները, որոնք մեր համոզումներուն եւ ազգային սկզբունքներուն համահունչ են», ընդգծեց ան:

«Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի Լիբանան այցելութիւնը կը բացայայտէ պետութենէ պետութիւն նոր յարաբերութիւններու էջ բանալու սուրիական փափաքը` պահպանելու համար երկու երկիրներուն միջեւ հաւասարէ հաւասար յարաբերութիւնները», յայտնեց Ապու Հասան:

 

Leave a Comment