Քաց. «Իսրայէլեան Բանակը Լիբանանի, Սուրիոյ Եւ Կազայի Ապահովական Շրջաններուն Մէջ Պիտի Մնայ Անորոշ Ժամանակով»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց 2006 թուականին Լիբանանի հետ պատերազմի ընթացքին սպաննուած իսրայէլացի զինուորներու յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը անորոշ ժամանակով պիտի մնայ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կազայի ապահովական շրջաններուն մէջ` մեր բնակիչներն ու գիւղերը ժիհատական տարրերէն պաշտպանելու համար»:

Մինչ այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Հարաւային Լիբանանի ապահովական շրջանին մէջ պիտի մնանք որքան որ անհրաժեշտ է, եւ մեր կարելին պիտի ընենք խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելու համար»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի նախկին պետ եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն մէջ Նեթանիահուի մրցակից թեկնածու Կատի Այզենքոթ յայտնեց. «Իրան հիւլէական զէնք չունէր»:

«Նեթանիահու պնդումներ կը հնարէ իսրայէլեան հասարակական կարծիքը վախցնելու համար», աւելցուց Այզենքոթ:

 

Leave a Comment