Ճատրակ. Վաչէ Յովակիմեան Միջազգային Վարպետի 2-րդ Կարգին Հասաւ

ՖԻՏԷ-ի վարպետ Վաչէ Յովակիմեան Իտալիոյ Մոնթեսիլվանօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 18 տարեկաններու պատանիներու ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն հասաւ միջազգային վարպետի երկրորդ կարգին:

Ճատրակի «Նորմ»-ը (կարգ) կ՛ամբողջացնէ այն անձը, որ կը մասնակցի 9 հանգրուաններով մրցաշարքի մը, եւ պէտք է անձը մէկ կէտ աւելի արձանագրէ, քան սպասուածը, եւ մրցակիցներուն մակարդակը առնուազն մեծ վարպետի պարագային պէտք է 2380 կէտ ըլլայ եւ միջազգային վարպետներու պարագային` 2250 կէտ:

Միջազգային վարպետի կոչումը կը կարօտի 3 նորմերու, առաւել ՖԻՏԷ-ի դասաւորումով առնուազն 2400 կէտի, մինչ մեծ վարպետի կոչումը կը կարօտի 3 նորմերու, առաւել ՖԻՏԷ-ի մօտ պաշտօնական դասաւորման մէջ 2500 կէտի:

Անշուշտ նոյն մրցաշարքին մասնակիցները պէտք է ըլլան առնուազն 3 տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ մասնակիցներու 50 տոկոսը` աւելի բարձր կէտեր ունեցող վարպետներ:

Վերադառնալով Վաչէ Յովակիմեանի ելոյթներուն, ան ախոյեանութեան աւարտէն 1 հանգրուան առաջ 10 կարելի կէտերէն ձեռք ձգած է 6,5 կէտ եւ 12-րդ դիրքը կը գրաւէ:

 

Leave a Comment