Անգարա դատապարտած է իսրայէլեան բանակի ներխուժումը Սուրիոյ հարաւ` Կոլանի բարձունքներուն մօտ սկիզբ առած լարուածութեան ծիրին մէջ:
«Այս յարձակումները կ՛ոտնահարեն սուրիացի ժողովուրդի կեանքն ու կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային իրաւունքի կանոնները», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան դադրեցնելու Իսրայէլի յարձակումները: