Արաղչի. «Ամերիկայի Եւ Սիոնական Գոյացութեան Փոխըմբռնման Յուշագիրի Մասնաւորաբար Առաջին Յօդուածը Խախտելը Շրջանին Մէջ Ապահովութեան Վերականգնումը Կը Խոչընդոտէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու եւ սիոնական գոյացութեան փոխըմբռնման յուշագիրը, մասնաւորաբար անոր առաջին յօդուածը խախտելը կը խոչընդոտէ շրջանին մէջ ապահովութեան վերականգնումը»:

Ան աւելցուց, որ Իրան կը ջանայ բարի կամեցողութեամբ գործադրել փոխըմբռնման յուշագիրը` «յարգումը յարգումի դիմաց» սկզբունքի համաձայն:

Արաղչի ըսաւ, որ Իրան հակառակորդին համաձայնութեան որեւէ խախտման դէմ վճռական քայլեր պիտի որդեգրէ:

Յուշագիրի առաջին յօդուածը կը նշէ. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները, ներկայ պատերազմին մասնակից իրենց դաշնակիցներուն կողքին այս փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրելով կը յայտարարեն բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ պատերազմին անմիջական ու տեւական դադրեցում, կը խոստանան այսուհետեւ իրարու դէմ թշնամական որեւէ արարք չկատարել եւ հակառակորդ կողմին դէմ ուժի կիրարկման սպառնալիք կամ ուժի կիրարկում չկատարել: Վերջնական համաձայնութիւնը պիտի հաստատէ այս յօդուածն ու բոլոր մնացեալ յօդուածները»:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Միջազգային ընտանիքը կը հանգստացնենք, թէ մեր հիւլէական աշխատանքները երկրի կարիքներուն համահունչ եւ մեր յայտարարուած քաղաքականութիւններու շրջագիծին մէջ են»:

Այսօր Տոհայի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը պիտի դադրեցնեն յարձակումները, եւ առեւտրական նաւերուն պիտի արտօնուի ազատօրէն նաւարկելու, որովհետեւ որոշուած է փոխըմբռնման յուշագիրի բոլոր կէտերուն շուրջ թեքնիք բանակցութիւնները շարունակել:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան համաձայնած են յարձակումները դադրեցնել եւ այս շաբաթ ժողով գումարել:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ամերիկեան կայքին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը համաձայնած են Հորմուզի նեղուցին մէջ փոխադարձ յարձակումները դադրեցնել, եւ այսօր Տոհայի մէջ ժողով մը գումարել:

Ամերիկացի պաշտօնատար մըն ալ ըսաւ, որ նաւերը թեքնիք բանակցութիւններու ընթացքին կրնան ազատօրէն նաւարկել Հորմուզի նեղուցին մէջ:

Աղբիւր մըն ալ «Աքսիոս»-ին յայտնեց, որ ամերիկեան բանակին ու Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին միջեւ շտապ հաղորդակցութեան գիծը մինչեւ շաբաթ օր տակաւին չէր գործարկուած:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Քազեմ Ղարիպապատի, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յուշագիրի շուրջ բանակցային պատուիրակութեան անդամ է, հերքած է այս շաբաթ Տոհայի մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ թեքնիք խորհրդակցութիւններ սկսելու մասին տեղեկութիւնը:

«Այս շաբաթ աշխատանքային խումբերու թեքնիք նիստեր չեն նախատեսուած: Թէեւ Քաթարի հետ խորհրդակցութիւնները, ներառեալ միւս կողմի պարտաւորութիւններու կատարման վերահսկման հարցով, կը շարունակուին բնականոն հունով, որոշ լրատուամիջոցներու Տոհայի աշխատանքային խումբերու թեքնիք բանակցութիւններ կատարելու մասին հաղորդագրութիւնները չեն հաստատուիր», լրագրողներուն ըսած է ան:

Ղարիպապատին նշած է, որ կողմերը տակաւին համաձայնութիւն չեն գոյացուցած բանակցութիւններու կայացման վայրի եւ ժամանակի շուրջ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը աւելցուցած է, որ այս հարցին շուրջ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին միջնորդ երկիրներու աջակցութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, սակայն, աւելի ուշ նշեց. «Իրան խնդրեց գումարել ժողով մը, որ վաղը Տոհայի մէջ պիտի գումարուի»:

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ երէկ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները երեքշաբթի օր Տոհայի մէջ Իրանի հետ նախատեսուած ժողով մը պիտի գումարեն»:

«Յատուկ պատուիրակ Ուիթքոֆն ու Ժարետ Քուշները այս շաբաթ պիտի մեկնին Տոհա` բարձր մակարդակի հանդիպումներու` փոխըմբռնման յուշագիրին շուրջ քննարկումները շարունակելու համար: Այս բարձր մակարդակի քննարկումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարուին նաեւ թեքնիք բանակցութիւններ», ըսաւ ան:

«Թրամփ կ՛ուզէ խաղաղութեան հոլովոյթը իր աւարտին հասցնել», շեշտեց Լեւիթ:

 

Leave a Comment