Երէկ յետմիջօրէին Մանարայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները հերոսական ելոյթ մը ունեցան եւ Ռիատիին յաղթեցին 95-76 արդիւնքով` պարտադրելով 5-րդ ճակատագրական մրցում մը:
Մրցումին սկիզբէն ՀՄԸՄ Անթիլիաս լաւ ձեւով ճնշեց եւ առիթ չտուաւ Ռիատիի օտարներուն, ինչպէս նաեւ Ռեպեքա Աքըլին, որ ազատ շարժին:
Փերլա Պու Նասր անգամ մը եւս քիչ մասնակցեցաւ մրցումին, ուր ՀՄԸՄ Անթիլիաս մանաւանդ Ալեքսիս Փրինսի միջոցով բարձր մակարդակի ելոյթ ցուցաբերեց: Փրինս 41 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` դառնալով մրցումին թիւ 1 աստղը, մինչ Քրիսթին Անիկոսէ 22 կէտով եւ 11 ռիպաունտով իր կարգին թրիփըլ տապըլ իրագործեց: Անշուշտ Մեղրի Թորոսեանի, Փերլա Պու Նասրի, Ամար Մանսուրի, Կապի Սաատի եւ Ռիմ Ղալիի լաւ պաշտպանութիւնը առիթ չտուաւ մրցակիցին մնացեալ մարզիկներուն, որ փայլին: Վաղը գիշեր Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ 5-րդ եւ վճռական ճակատումը, որ պիտի վճռէ Լիբանանի աղջկանց ախոյեանը` 2025-2026-ի տարեշրջանին:
Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայ ըլլալ եւ քաջալերել Անթիլիասի ՀՄԸՄ-ի աղջիկները, որոնք պիտի փորձեն 2018-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով ախոյեան դառնալ: