Պատանի օրերէս կը հետեւիմ Մոնտիալի մրցումներուն, եւ ամէն 4 տարին անգամ մը անհամբեր կը սպասեմ յաջորդ մրցաշարքը:
Հաճելի բան մըն էր դիտել ազգային խումբերը, բարեկամներու հետ գրաւները, քաջալերել օտար ազգային խումբեր, անշուշտ մեր ազգային խումբին բացակայութեան պատճառով, բայց միշտ արդար ձեւով դատել, թէ ո՛վ արժանի էր յաղթանակին կամ ո՛ր խումբը անբախտ էր:
Հազուադէպ էին այն պարագաները, երբ արժանի խումբ մը ախոյեան կը դառնար կամ այդպէս կը կարծէինք:
Միշտ սխալներ կը պատահէին, եւ իրաւարարները չէին կրնար նկատել ամէն սխալ, մանաւանդ երբ այսօրուան նման բաւարար թիւով քամերաներ ալ չկային ամէն անկիւնէ նկարող:
Օֆ-սայտով կոլեր, ձեռքով զսպել, ձեռքով կոլ նշանակել, անարդար կարմիր քարտեր… բազմատեսակ սխալներ կ՛ըլլային:
Ասիկա անշուշտ պատճառաբանութիւն կու տար վէճերու` ֆութպոլի համակիրներուն միջեւ:
ՖԻՖԱ-ն, որ սկզբունքով այս բոլորը շտկող արդար «հայրը» պէտք է ըլլար, միշտ ալ նոր օրէնքներ կ՛որոշէր եւ կ՛որդեգրէր` կարելի եղածին չափ սխալները նուազեցնելու համար:
Այս վերջին Մոնտիալի ՎԱՐ-ը պաշտօնապէս իրաւասութիւն ունեցաւ միջամտելու դաշտին կեդրոնը գտնուող իրաւարարին օգնելու կամ շտկելու որոշ սխալներ:
Բայց մինչեւ 14-րդ օրը… դժբախտաբար վիճակը լաւ չ՛երեւիր եւ սխալները աւելցած են, կամ այդպէս երեւի կ՛ուզէ ՖԻՖԱ-ն:
Կարծէք որոշումներ կան, թէ ո՛ր խումբերը պէտք է հասնին, կամ ո՛ր մարզիկները մրցանիշներ պէտք է բարելաւեն ֆութպոլի աշխարհէն չմեկնած: Արդարութիւնը պարզապէս երազի կը նմանի, որ կրնայ իրականանալ համակիրներու մէկ մասին համար, բայց մեծամասնութեան համար… ոչ:
Կ՛ուզենք ֆութպոլ դիտել, գեղեցիկ խաղեր տեսնել, ուրախանալ ֆութպոլի գեղեցկութեամբ, բայց եթէ ատիկա ՎԱՐ-ի պատճառով պիտի խափանուի… համը պիտի փախի կարծէք:
ՖԻՖԱ-ն միշտ դէմ է կամ աւելի ճիշդը կ՛ըսէ, թէ դէմ է քաղաքականութեան եւ մարզական աշխարհի միանալուն կամ իրար վրայ ազդելուն, թէ մարզանքը պէտք է միացնէ այն, ինչ որ քաղաքականութիւնը կը բաժնէ, բայց տակաւին ատիկա չզգացինք եւ չտեսանք:
Արդեօք իրապէս ամէն ինչ վաճառականութի՞ւն դարձած է եւ համը սկսած է փախի՞լ:
