Վենեզուելայի Մէջ Իրերայաջորդ Երեք Ուժեղ Երկրաշարժներ

Չորեքշաբթի երեկոյեան Վենեզուելայի մէջ 7,2 եւ 7,5 աստիճան ուժգնութեամբ իրերայաջորդ երկու երկրաշարժներ տեղի ունեցան` պատճառելով մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ: Աւելի ուշ, 7,43 աստիճան ուժգնութեամբ երրորդ երկրաշարժ մըն ալ արձանագրուեցաւ:

Մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ շէնքեր փուլ եկան:

Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկես երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Քարաքասի միջազգային օդակայանը փակուած է` երկրաշարժներուն հետեւանքով կրած վնասներուն պատճառով:

Նաեւ Ճափոնի Մէջ

Ճափոնի հիւսիս-արեւելքը 7,2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ:

Երկրի ազգային օդերեւութաբանական վարչութեան տուեալներով` երկրաշարժի կեդրոնը գտնուած է Խաղաղական ովկիանոսին մէջ` Իվաթէ վարչական տարածքէն արեւելք, 50 քիլոմեթր խորութեան վրայ:

Ստորգետնեայ ցնցումէն ետք յայտարարուած էր ցունամիի վտանգ, սակայն քանի մը վայրկեան ետք նախազգուշացումը վերցուած էր:

Ազգային օդերեւութաբանական վարչութիւնը նախազգուշացուցած է, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին հաւանական են ուժեղ կրկնակի ցնցումներ:

Երկրաշարժը խափանումներ յառաջացուցած է երկաթուղային հաղորդակցութեան աշխատանքին մէջ, մասնաւորաբար դադրեցուած է «սինքանսեն» գերարագ գնացքներու երկրի հիւսիս-արեւելեան շրջանի որոշ ուղղութիւններով երթեւեկը:

 

Leave a Comment