«Դէպի Աշխարհ Մեր Դարպասը Մէկ Կողմի Վերահսկողութեան Տակ Ըլլալը Կարելի Չէ Ընդունիլ» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցը տակաւին բաց է` նշելով, որ Տոհային հաստատուած է, որ զայն փակելու հրաման չէ տրուած:

ԱՆ ըսաւ, թէ կը նախատեսուի, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումը համաձայնութենէն 30 օր ետք վերադառնայ իր բնականոն մակարդակին:

Քաթարի վարչապետը շեշտեց, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ հաղորդակցութեան կապը անհրաժեշտ է Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման խոչընդոտումը արգիլելու եւ այդտեղ ականազերծում կատարելու ընթացքին` աւելցնելով, որ Զուիցերիոյ մէջ համաձայնեցուած հաղորդակցութեան կապը անհրաժեշտ է ապակողմնորոշող տեղեկութիւններէն խուսափելու համար:

Շէյխ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման նշեց, որ Զուիցերիոյ մէջ բանակցութիւնները տեւական կարգաւորման բանակցութիւններու ճամբան հարթած են` նշելով, որ աշխատանքը տակաւին սկիզբն է, եւ Քաթար Փաքիստանի հետ կը շարունակէ միջնորդութիւն կատարել` վերջնական լուծման հասնելու համար:

Ան օրաթերթին յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցի կառավարման բնորդը պէտք է քննարկուի Իրանի, Օմանի եւ Ծոցի երկիրներուն հետ` նշելով, որ Քաթար պիտի ընդդիմանայ իրանեան որեւէ ծրագիրի, որ Հորմուզի նեղուցէն անցքին վրայ տուրքեր կը պարտադրէ:

«Կարելի չէ ընդունիլ կացութիւն մը, ուր դէպի աշխարհ մեր դարպասը ըլլայ մէկ կողմի  վերահսկողութեան տակ», ըսաւ Քաթարի վարչապետը:

Ան երկուշաբթի օր «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութենէն ի վեր բանակցային հոլովոյթը խնդիրներ դիմագրաւած է, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Հորմուզի նեղուցին եւ Լիբանանին, սակայն աւելցուցած էր, որ մեքանիզմներ մշակուած են` այդպիսի խնդիրներէն խուսափելու համար, եւ այդ մեքանիզմներուն հիմամբ կեդրոնացումը բանակցութիւններուն եւ համաձայնութեան հասնելու վրայ կ՛ըլլայ:

 

Leave a Comment