Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Զինադադարի իսրայէլեան խախտումներ կան, յարձակումներ եւ թշնամիի իրանեան-ամերիկեան փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ իր յանձնառութիւններէն խուսափելու փորձեր կան, որովհետեւ ան չ՛ուզեր այս համաձայնութիւնը յարգել, սակայն Դիմադրութիւնը գիտէ այս հարցին հետ ինչպէ՛ս վարուիլ, առնչակից տղաքը գիտեն ինչպէ՛ս դիմակայել, եւ այդ առնչութեամբ ցուցմունքները ի՛նչ են»:
«Իրանեան-ամերիկեան փոխըմբռնման յուշագիրը մեծ ձեռքբերում է Իրանի իսլամական հանրապետութեան համար, որ մեզ իրեն հետ մտցուց այս համաձայնութեան մէջ, եւ մեր նկատմամբ ամբողջական յանձնառութիւն ցուցաբերեց, որովհետեւ բանակցութիւնները պիտի չշարունակուին, եթէ Լիբանանի վրայ կրակոցը չդադրի: Լիբանանի վրայ կրակոցը դադրեցուց, եւ Միացեալ Նահանգներու ձգտած վերջնական համաձայնութիւնը պիտի չըլլայ առանց մեր հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման», ըսաւ երեսփոխանը:
«Լիբանանի իշխանութիւնն ու կարգ մը կողմեր անցնող երկու օրուան ընթացքին մեծ գրգռութիւն կատարեցին` նշելով, որ լիբանանեան հոլովոյթը Իրանի հոլովոյթէն անջատ է: Անոնք փորձեցին խանգարել այս ձեռքբերումը եւ գիշեր-ցերեկ աշխատանք տարին առանձին Ուաշինկթըն երթալու` կարծելով, որ կրնան բան մը ձեռք ձգել կամ իրագործել:
«Անոնց ծածուկ կերպով եւ հրապարակաւ զգուշացուցինք` չըլլայ թէ որեւէ զիջում կատարէք այս պարտուած ու հիասթափուած թշնամիին, որ մեր հողերէն դուրս պիտի գայ մեր մարտիկներու հաստատակամութեան եւ իրանեան այս աջակցութեան շնորհիւ:
«Մենք որեւէ ձեւով ձեզի պիտի չարտօնենք մեր գերիշխանութեան, Դիմադրութեան ու ժողովուրդին հաշուոյն որեւէ զիջում կատարել: Ատկէ ոչինչ պիտի գործադրուի, որովհետեւ հողի, մարտի դաշտի եւ Դիմադրութեան զաւակներն ենք: Լիբանանի մէջ ոչինչ պիտի ընդունուի առանց մեզի հետ փոխըմբռնման: Այն, որուն համաձայն կ՛ըլլանք, Լիբանանի մէջ պիտի քալէ, իսկ այն, որուն համաձայն չենք, պիտի չքալէ, նոյնիսկ եթէ ամբողջ աշխարհը ատոր համամիտ ըլլայ, որովհետեւ պիտի չկարենայ զայն գործադրել Ալի Թահերէն Շքիֆի ամրոց, Լիթանիէն հարաւ եւ մինչեւ Լիբանանի որեւէ վայր»:
«Լիբանանի մէջ ոմանց խորհուրդ տուած ենք եւ այսօր ալ կը կրկնենք ու անոնց կ՛ըսենք, թէ կարելիութիւնը տակաւին կայ: Հետեւաբար, դուք պէտք է դուրս գաք զիջողական հոլովոյթէն, վերադառնաք ձեր ժողովուրդին, վստահիք անոր եւ Դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ օգտուիք իրանեան այս աջակցութենէն, յատկապէս որ Իրանը չ՛ուզեր պետութիւնը կամ ոեւէ մէկը փոխարինել: Անիկա ինքնին մեծ է եւ ատոր կարիքը չունի: Իրանը Լիբանանին պէտք է, եւ ոչ թէ` հակառակը: Անիկա մեր կողքին է», շեշտեց Ֆատլալլա: