Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի իր խօսքը իսրայէլացիներուն ուղղելով յայտնեց. «Պէտք է լիբանանեան բոլոր հողերէն հեռանաք, որովհետեւ այս հողը տոկալու եւ դիմադրութեան դաշտ է, եւ ոչ թէ բռնագրաւողներու դաշտ»:
«Եթէ այսօր ձեր կամքով չհեռանաք, վաղը պիտի ստիպուիք նուաստացած ու պարտութեան մատնուած փախուստ տալու», զգուշացուց Քաանի:
«Մի՛ մոռնաք 2000 թուականը, եւ նահատակ սէյիտ Հասան Նասրալլայի Պընթ Ժպէյլի պատմական ուխտը, այդ խոստումը տակաւին կենդանի է, եւ անկասկած նոյն տեսարանը անգամ մը եւս պիտի կրկնուի», աւելցուց «Քուտս» զօրամասի ղեկավարը: