Հաժ Հասան. «Իրան Լիբանանի Նկատմամբ Իր Յանձնառութիւնները Կատարեց»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Իրանը իր դիւանագիտութեան եւ քաղաքական ու զինուորական ճնշումներուն ճամբով կրցաւ թշնամիին զինադադար պարտադրել, երբ ամերիկեան խոստումները, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի տուածները, իսրայէլեան յարձակումները չդադրեցուցին, այլ Իսրայէլին աւելի լայն տարածք շնորհեցին գործելու, թիրախաւորելու եւ քանդելու` մինչ պաշտօնական Լիբանանը լուռ մնաց»:

«Վերջերս Ուաշինկթըն այցելած լիբանանեան պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյէն լսեց Հըզպալլան հասարակաց թշնամի նկատող որակում մը, առանց որ լիբանանեան կողմէն որեւէ հակադարձութիւն կամ յստակ մեկնաբանութիւն կատարուի, եւ ասիկա այս որակաւորման եւ անոր քաղաքական ու ազգային հետեւանքներուն վերաբերեալ պաշտօնական դիրքորոշման շուրջ հարցականներ կը ստեղծէ», ըսաւ երեսփոխանը:

«Լիբանանեան իշխանութեան առջեւ առիթ գոյութիւն ունի վերջին քաղաքական զարգացումներէն ետք իր քաղաքական ընտրանքները վերագնահատելու», յայտնեց ան:

«Իրան Լիբանանի, լիբանանցի ժողովուրդին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Դիմադրութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնները կատարեց, եւ ներկայ պայմանները դուռը կը բանան համապարփակ զինադադարի հաստատման ու իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան հողերէն հեռացման», նշեց Հաժ Հասան:

«Ազգային երկեակին, Դիմադրութեան համակիր զանգուածին, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ շարք մը թղթածրարներու մէջ յարաբերութիւնները սրբագրելու առիթ գոյութիւն ունի», աւելցուց երեսփոխանը:

Leave a Comment