Աթլեթ Զուլալ Պեզճեան Արձանագրեց Փայլուն Յաջողութիւն Եւ Նոր Մրցանիշ

ՀՄԸՄ-ական երիտասարդ աթլեթ Զուլալ Պեզճեան փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց արաբական խաղերու երիտասարդական մրցաշարքին` հաստատելով նոր մրցանիշ մը եւ իր դասակարգին մէջ գրաւելով պատուաբեր 3-րդ դիրքը: Այս իրագործումը անգամ մը եւս կը փաստէ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն տոկունութիւնն ու բարձր որակը միջազգային գետնի վրայ:

Եգիպտոսի Իսմայիլիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Արաբական 16 տարեկանէն վար (առաջին) եւ 23 տարեկանէն վար (3-րդ) առաջնութիւններու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարեց եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արաբական աթլեթիզմի ֆետերասիոնի փոխնախագահ ու Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի անդամ` ՀՄԸՄ-ական Մարիա Գէորգեան, որ միաժամանակ կը գլխաւորէր այս կարեւոր մրցաշարքին մասնակցող Լիբանանի պատուիրակութիւնը:

Մարիա Գէորգեան իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արաբական աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ժողովներուն ու նիստերուն:

Մեր մարզիկներուն արձանագրած յաղթանակներն ու վարչական դէմքերուն ունեցած ազդեցիկ դերը արաբական մարզական աշխարհին մէջ, նոր թափ ու ներշնչում կը պարգեւեն լիբանանահայ գաղութին եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին: Յարատեւ վերելք ու նորանոր նուաճումներ մեր պատուաբեր աթլեթներուն:

 

Leave a Comment