Ուշաքով. «Հայաստան Կը Փորձէ Հարուած Հասցնել Ռուսիոյ Մասնակցութեամբ Համարկումի Միաւորումներուն»

Մոսկուան Հայաստանի հետ կապուած իրավիճակին մէջ կը տեսնէ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ համարկումի միաւորումներուն հարուած հասցնելու փորձեր: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով:

«Մենք կը տեսնենք «կանոններու վրայ հիմնուած կարգ»-ի կողմնակիցներու հաստատակամ փորձերը` հարուած հասցնելու համարկումի այն միաւորումներուն, որոնց անմիջականօրէն կը մասնակցի մեր երկիրը: Կը սերմանուին պատրանքային պատկերացումներ, թէ կարելի է վերատեսութեան ենթարկել պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը այն ժողովուրդներուն, որոնք դարեր շարունակ կողք-կողքի ապրած են եւ միշտ իրարու օգնած», ըսած է ան «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» համախմբումի ընթացքին:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք Փաշինեանի Մոսկուա այցելութեան թուականին վերաբերեալ որեւէ յստակութիւն կա՞յ, Ուշաքով ըսած է. «Տակաւին ոչ: Ոչ»:

 

Leave a Comment