Մարմնամարզութիւն. Լիբանանի Դպրոցներու Մրցաշարքին Ճեմարանի Աշակերտներուն Փայլուն Արդիւնքները

Վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի դպրոցներու գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցաշարքին մասնակցելԷ ետք, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն երեք աշակերտներ փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին:

Տաթեւիկ Լօճիկեան, 2018-ի ծնունդ, Ա. դասակարգի մրցումներուն մասնակցեցաւ ազատ եւ պարանով մրցումներուն եւ շահեցաւ երկու ոսկի մետալ:

Արին Սեփէթճեան, 2017-ի ծնունդ, Ա. դասակարգի մրցումներուն մասնակցեցաւ ազատ եւ գնդակով պարերու մրցումներուն եւ շահեցաւ երկու ոսկի մետալ:

Սէրլի Տեքրմէնճեան, 2014-ի ծնունդ, Գ. դասակարգի մրցումներուն մասնակցեցաւ օղակով պարի մրցումներուն եւ շահեցաւ ոսկի մետալ մը:

 

 

Leave a Comment