Լեւիթ. «Թրամփ Պիտի Չստորագրէ Որեւէ Համաձայնութիւն, Որ Երկրին Ու Անոր Ազգային Անվտանգութեան Չի Ծառայեր»

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը պիտի չստորագրէ որեւէ համաձայնութիւն, որ երկրին ու անոր ազգային անվտանգութեան չի ծառայեր»:

«Փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումէն ետք քարիւղի գիները նուազեցան եւ պատերազմէն առաջուան մակարդակին պիտի վերադառնան», նշեց Լեւիթ:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու ազդուութիւնը կախեալ է համաձայնեցուած խոստումներու նկատմամբ ամբողջական յանձնառութենէն եւ զանոնք ճշգրիտ կերպով գործադրելէն:

Փեզեշքիան նշեց, որ համաձայնեցուած բնագիրէն շեղող յայտարարութիւնները չեն նպաստեր բանակցութիւններու յառաջ մղման:

Ան աւելցուց, որ բանակցային հոլովոյթին յառաջընթացը պիտի չափուի ընդունուած պատասխանատուութեան գործնական յանձնառութեան ճամբով:

Փեզեշքիան նշեց. «Ամերիկայի հետ փոխըմբռնման յուշագիրի յօդուածներուն միջազգային օրէնքի եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու շրջագիծին մէջ ամբողջական գործադրութեան կը ձգտինք»:

«Շրջանին մէջ շարք մը խնդիրներ պիտի նահանջեն, եւ զաւթողները պիտի զսպուին, եթէ փոխըմբռնման յուշագիրի բոլոր յօդուածները գործադրուին», ըսաւ Փեզեշքիան:

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը նշեց. «Զուիցերիոյ բանակցութիւնները Իրանը աւելի հզօր եւ Իսրայէլը խոցելի կը դարձնեն»:

 

Leave a Comment