Ուրբաթ գիշեր սկսաւ աղջկանց պասքեթպոլի աւարտական ճակատումներու շարքը Մըզհերի մէջ, ուր ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց անցեալ 2 տարիներու ախոյեան Ռիատին:
Առաջին մասը շատ լաւ սկսելէ ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս Բ. մասէն ետք չկրցաւ քայլ պահել Ռիատիի հետ եւ կորսնցուց մրցումը 73-63 արդիւնքով:
Պէտք է ըսել, որ աղջկանց պասքեթպոլին մէջ շատ վերիվայրումներ կրնան ըլլալ, մանաւանդ որ աղջկանց պարագային աւելի զգայուն կ՛ըլլան մարզիկները, շատ կրնայ փոխուիլ անոնց տրամադրութիւնը, եւ անոնք լաւ սկսած մրցումը կրնան կորսնցնել կամ ալ հակառակը:
Ասիկա պատահեցաւ երէկ Ռիատիի դաշտին վրայ, ուր ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջիկները առաջին մասէն իսկ առիթ չտուին, Ռիատի հեռանայ, այլ ընդհակառակն` Ռիատի ինք էր, որ կը փորձէր քայլ պահել ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց հետ:
Առաջին մասին 5 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք, կիսախաղին ՀՄԸՄ-Անթիլիաս 33-39 արդիւնքով յառաջացաւ, բայց Բ. կիսախաղին Ռիատի չկրցաւ հասնիլ, ուր մանաւանդ վերջին մասին ՀՄԸՄ 26 կէտեր նշանակեց` մրցումը յաղթելով 63-86 արդիւնքով:
Ալեքսիս Փրինս, որ 2-րդ վայրկեանին վիրաւորուած եւ մտահոգած էր բոլորը, վերադարձաւ դաշտ եւ եղաւ օրուան աստղը` նշանակելով 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներ:
Ճակատումներուն արդիւնքը 1-1 է, եւ վաղը գիշեր ժամը 21:30-ին, Մըզհերի մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պէտք է կրկնեն յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով յառաջանալու: Համակիրներէն կը սպասուի մեծ թիւերով ներկայ ըլլալ եւ քաջալերել:
Նշենք, որ 3 յաղթանակ արձանագրող խումբը կը դառնայ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան: