Հետաքրքրական երեւոյթ մը կը պարզուի այս տարուան Մոնտիալին, որուն եօթը եղբայրներ կը մասնակցին առաջին անգամ ըլլալով:
Յատկանշականը այն է, որ այդ 7 եղբայրներէն միայն երեքը կը ներկայացնեն նոյն ազգային խումբը: Այդ ցանկին մաս կը կազմեն Ֆրանսայի ազգային խումբին յետսապահներ Լուքաս եւ Թէօ Հեռնանտես, Քափէ Վերտէի մարզիկներ Լարոս եւ Տերոյ Տուարթէ, ինչպէս նաեւ Քուրասաոյի ազգային խումբ մարզիկներ Լէանտրօ եւ Ժունինիօ Փաքունա:
Այս ցուցակին կրնար միանալ նաեւ Եուրիեն Թիմպեր, որ սակայն վիրաւորուեցաւ 8 յունիսին: Անոր երկուորեակ եղբայրը` Քուինթեն մաս կը կազմէ Նետերլանտներու ազգային խումբին:
Կան եղբայրներ, որոնք տարբեր ազգային խումբեր կը ներկայացնեն: Ստորեւ կը նշենք զանոնք.
– Պրայըն Պրոպի կը ներկայացնէ Նետերլանտները, իսկ անոր խորթ եղբայրը` Տերիք Լուքասէն` Կանայի ազգային խումբը:
– Տեզիրէ Տուէ կը ներկայացնէ Ֆրանսայի ազգային խումբը, մինչ անոր եղբայրը` Կելա Տուէ կը ներկայացնէ Փղոսկրեայ Ափունքը:
– Ճոն Սութըր մաս կը կազմէ Սկովտիոյ ազգային խումբին, մինչ անոր եղբայրը` Հերի, մաս կը կազմէ Աւստրալիոյ ազգային խումբին` նկատի ունենալով, որ անոնց մայրը աւստրալիացի է:
– Վերջապէս եւ ինչպէս նախորդ մրցաշարքերուն, Ինիաքի Ուիլիամս կը ներկայացնէ Կանայի ազգային խումբը, մինչ իր կրտսեր եղբայրը` Նիքօ մաս կը կազմէ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիոյ ազգային խումբին: